Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին Օրինագիծը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին Օրինագիծը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, որ, ըստ էութեան, թոյլ կու տայ բռնագանձել գոյքը,  որու ձեռքբերումը չի հիմնաւորուիր օրինական եկամուտի աղբիւրներով:

նախագիծը ԱԺ նիստին ներկայացուցած էր ՀՀ արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան:

Նախատեսուած իրաւական  գործելակերպը թոյլ կու տայ բռնագանձել գոյքը, որու ձեռքբերումը, նախագիծով նախատեսուած էական ծաւալներով, չի հիմնաւորուիր օրինական եկամուտի աղբիւրներով: Այդպիսի գոյքի առնչութեամբ կը գործէ ապօրինի ծագում ունենալու կանխավարկածը, որ կրնայ հերքուիլ պատասխանողի կողմէ գոյքի ձեռքբերումը հիմնաւորող ապացոյցներու ներկայացումով:

Կը նախատեսուին իրաւասու մարմնի գործունէութեան եւ քաղաքացիական դատավարութեան ընթացակարգային նոր կանոններ, որոնք թոյլ կու տան կատարել  դրամագլուխներու  ուսումնասիրութիւն եւ յօգուտ պետութեան բռնագանձել օրէնքի իմաստով չհիմնաւորուող հարստութիւնը: Իրաւասու մարմինը կը գործէ Գլխաւոր դատախազութեան կազմի մէջ: Իսկ կատարուած գործառոյթները կը հանդիսանան պետական շահերու պաշտպանութեան հայցի ներկայացման դրսեւորում: Ուսումնասիրութեան համար հիմք կը հանդիսանան որոշակի ազդակներ:

Քուէարկութենէ առաջ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Աբովեան տեղեկացուց, որ խմբակցութիւնը այս անգամ ձեռնպահ կը քուէարկէ, հանդէս կու գան առաջարկութիւններով: Եւ երկրորդ ընթերցման կ’արտայայտեն իրենց դիրքորոշումը:

Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանը տեղեկացուց, որ կողմ կը քուէարկեն, սակայն որոշակի առաջարկութիւն ունին, որ կը ներկայացնեն առաջինէն երկրորդ ընթերցման ընթացքին:

Նախագիծերու փաթեթը քուէարկութեամբ ստացաւ 92 կողմ, 2 դէմ եւ 18 ձեռնպահ ձայներ, որոնց գումարուեցան նաեւ գործուղման մէջ գտնուող 8 պատգամաւորներու ծրարով ձգուած կողմ ձայները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment