Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Պատճառաւ Որոշուած է Երկու Շաբաթով Դադրեցնել Իրանի Հետ Ցամաքային Հաղորդակցութիւնը

«Քորոնա» Ժահրի Պատճառաւ Որոշուած է Երկու Շաբաթով Դադրեցնել Իրանի Հետ Ցամաքային Հաղորդակցութիւնը

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման յանձնաժողովի նիստին որոշում առնուած է երկու շաբաթով  դադրեցնել Իրանի հետ ցամաքային հաղորդակցութիւնը։

Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նշելով, որ նիստի արդիւնքներով որոշուած է նաեւ Իրանի հետ բեռնափոխադրումներն իրականացնել առանց սահմանափակումներու՝ կիրառելով վարորդներու նկատմամբ յատուկ հսկողութեան ռեժիմ, որեւէ սահմանափակում չկիրառել Հայաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներու՝ հայրենիք վերադառնալու համար։

Բացի այդ, ըստ վարչապետի, որոշուած է «երկու շաբթուան ընթացքին բարեկամ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան հետ ըլլալ սերտ հաղորդակցութեան մէջ, ամբողջացնել տեղեկութիւնները ԻԻՀ-ի մէջ «քորոնա» ժահրի տարածման ծաւալներու վերաբերեալ՝ յետագայ ընելիքները ճշգրտելու համար»:

« Հարկ կը համարեմ արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուած չկայ եւ յոյս ունիմ` չունենանք: Հայաստանը ունի բոլոր անհրաժեշտ տեխնիկական եւ մասնագիտական աղբիւրները Քորոնա վարակի ճշգրիտ ախտորոշման համար:», – գրած է Հայաստանի ղեկավարը։

Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող յանձնաժողովը Հայաստանի մէջ կը գործէ Յունուար 31-էն:

Իրանի մէջ «քորոնա» ժահրէն մահուան ութերորդ դէպքը գրանցուած է: Մահուան ցուցանիշով Իրանը երկրորդն է աշխարհի մէջ`Չինաստանէն ետք: Ընդհանուր առմամբ, կիրակի օրուան տուեալներով, իրանական հիւանդանոցներուն մէջ բուժում կը ստանար «քորոնա» ժահրով հիւանդ 43 մարդ, 785-ն ալ քարանթինի մէջ էին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment