Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը՝ Փայլուն Յաջողութիւն

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը՝ Փայլուն Յաջողութիւն

by MassisPost

100-ամեակի առիթով տեղի ունեցող որեւէ համախմբում իսկապէս մեծ դէպք մըն է։ Այս առումով ուշագրաւ էր Հոկտեմբեր 18-20-ի օրերուն Պոսթոնի մէջ տեղի ունեցող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 100-րդ Տարեժողովը եւ այդ առիթով կազմակերպուած յատուկ Ճաշկերոյթը՝ նուիրուած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ու անոր հիմնադրութեան 173-րդ տարեդարձին։

ԱՀԱԸ-ի այս ճաշկերոյթը յատկանշական էր Ընկերակցութեան հարիւրաւոր անդամներու ներկայութեամբ, որոնք երկար հեռաւորութենէ եկած էին՝ ինչպէս Աւստրալիա, Գանատա, Հայաստան, Յունաստան, Լիբանան, Սուրիա,  Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերէ։

ԱՀԱԸ-ի Տարեժողովի օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը Շաբաթ, Հոկտ. 19-ի երեկոյեան տեղի ունեցող ճաշկերոյթն էր՝ Պոսթոնի Westin-Waltham պանդոկի շքեղ սրահին մէջ։ Տիկին Միշէլ Սիմուրեան՝ Ճաշկերոյթի համա-ատենապետը՝ ջերմօրէն ողջունեց ներկայ գտնուող 300-է աւելի հիւրերը։ Ճաշկերոյթի հանդիսավար եւ համա-ատենապետ՝ Ճան Սիմուրեան ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը՝ ներկայացնելով օրուան պատուոյ հիւրերը, որոնց շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը եւ Հայր, Տ. Անդրանիկ Աւ. քհնյ. Պալճեանը, որ կը ներկայացնէր ԱՄՆ Արևելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանը։

2. Ambassador Nersesyan

Ազգային օրհներգներու երգեցողութենէն եւ Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեանի աղօթքէն ետք բեմ բարձրացաւ Դեսպան Ներսէսյանը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Պր. Դեսպանը յիշեց Աւետարանչականի հիմնադրութիւնը 101 տարիներ առաջ՝ Վուսթըրի (ԱՄՆ) մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք «երբ հարիւր հազարաւոր թափառական Հայ մարդիկ, կանայք եւ երեխաներ տակաւին կը շրջէին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի անապատներուն մէջ, տառապելով անօթութենէ, աղքատութենէ եւ կեանքի նուազագոյն պայմաններու բացակայութենէ»։

Ան նաեւ մատնանշեց ԱՀԱԸ-ի հսկայական ներդրումը վերջին 100 տարիներու ընթացքին, ի միջի այլոց 1988-ի Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի ընթացքին, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան ժամանակ, Արցախի ազատագրման պայքարի օրերուն եւ անոր աւելի լաւ ապագայի ստեղծումին ի նպաստ, եւ ապահովելով ապաստան, սնունդ եւ կրթութիւն աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ ապրող հայորդիներու»։

3. Avedisian School Alumna Lusine Mnatsakanyan and AMAA President Dr. Nazareth Darakjian

«Եւ վերջերս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգական պատերազմի ընթացքին, Աւետարանչականը պատրաստակամ եղաւ աջակցելու այն հայորդիներուն՝ որոնք ցանկացան բնակութիւն հաստատել Հայրենիքի մէջ» ըսաւ Դեսպանը։

Այս բոլոր գործունէութիւնները ցոյց կու տան, որ ԱՀԱԸ-ը «եզակի եւ խորապէս ազգային եւ հայկական հաստատութիւն մը է», ըսաւ ան։ «Նման մեծ ժառանգութեամբ եւ խիստ վճռակամութեամբ, Աւետարանչականը վստահօրէն իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ 21-րդ դարուն» եզրակացուց Դեսպանը որոտալի ծափողջոյններու ներքեւ։

Աւետարանչականի Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան յուզումով յիշելէ ետք «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սարսափներուն» որպէս հետեւանք՝ 43 տարիներ առաջ իր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը, խօսեցաւ ԱՀԱԸ-ի հզօր պատմութեան մասին՝ որ այսօր կը ծառայէ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ բնակող հայորդիներուն, տարեկան 10 միլիոն տոլարի ելեւմտացոյցով։

4. AMAA Vice President Voskian pays tribute

Ներկայ նոր սերունդը, որ հնարաւորութիւնը ունի շատ աւելին ընելու բաղդատած 1918 թուականին, «մեր աշխատանքը չէ վերջացած այնքան ատեն որ տակաւին մարդիկ կան որոնք սոված են Աստուծոյ Խօսքին, երեխաներ՝ որոնք ծարաւ են կրթութեան, ընտանիքներ եւ անհատներ, որոնց համար օրական հաց գտնելը ամէնօրեայ մարտահրաւէր է։ Թող Աստուած մեզ արժանի ընէ այս առաքելութեան» ըսաւ ան։

Ապա ցոյց տրուեցաւ տեսահոլովակ մը Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանին մէջ գտնուող Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան Աւագ Դպրոցին մասին, որ ամբողջութեամբ նիւթապէս կը նպաստաւորուի ԱՀԱԸ-ի կողմէ, եւ ուր աւելի քան 580 ուսանողներ լաւագոյն ուսում կը ստանան՝ անվճար։

Տօքթ. Տարագճեան բեմ հրաւիրեց Աւետիսեան դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ Լուսինէ Մնացականեանը՝ յանուն դպրոցի բարերարներ Եդուարդ եւ Բամելա Աւետիսեաններու՝ որոնք քաղաքէն դուրս ըլլալով ներկայ չէին ճաշկերոյթին, ընդունելու դպրոցին տրուած «Առաջնորդութիւն՝ էներգետիկայի և բնապահպանական նախագծման մէջ » (LEED) վկայականը և ապակիէ ցուցանակը (plaque)։ Աւետիսեան Աւագ Դպրոցին նաեւ շնորհուած է LEED Earth Designation մրցանակը, որ կը տրուի իւրաքանչիւր զարգացող երկրի առաջին բնապահպանական շինանախագիծին՝ Միացեալ Նահանգներու Կանաչ Կառոյցներու Խորհուրդի (USGBC – The United States Green Building Council) LEED չափանիշները բաւարարելուն համար։

5. Zaven Khanjian and Steve Papazian

Լուսինէ Մնացականեան, որ ներկայիս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի երրորդ կարգի ուսանող է, անդրադարձաւ Աւետիսեան Վարժարանի գլխաւոր յատկանիշներուն ըսելով՝ «Մենք դաստիարակուեցանք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, լաւ քաղաքացիներ եւ ստացանք օրինակելի կրթութիւն բոլոր մարզերու մէջ»։

Ներկայ հիւրերը մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին հայկական եւ միջազգային սիրուած երգեր՝ կատարողութեամբ համաշխարհային ճանաչում ունեցող երկու երաժիշտներու՝ Թենոր Եղիշէ Մանուչարեանի եւ Մեցցո Սոփրանո Վիքթորիա Աւետիսեանի, որոնք նաեւ ճաշկերոյթի սկիզբը կատարեցին Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգները։

ԱՀԱԸ-ի Փոխ Նախագահ Տօքթ. Մայքլ Ոսկեան, յարգանքի տուրք մատուց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պատմութեան, ըսելով որ ան տարիներու ընթացքին աճելով ներկայիս կը բաղկանայ 124 եկեղեցիներէ եւ հինգ միութիւններէ՝ Հայաստան, Հիւսիսային Ամերիկա, Մերձաւոր Արեւելք, Ֆրանսա եւ Եւրասիա։

Տօքթ. Ոսկեան բեմ հրաւիրեց Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վեր. Ժոէլ Միքայէլեանը՝ որպէս ներկայացուցիչը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին։ Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Վեր. Սթիվըն Քարլայլ՝ Հովիւը Վուսթըրի Հայ Մարտիրոսաց Եկեղեցիին՝ առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեան, հովիւը տեղւոյն հիւրընկալ եկեղեցիին։ Տօքթ. Ոսկեան անոնց ներկայացուց յատուկ վկայագիր եւ փայտի վրայ փորագրուած ցուցատախտակներ։

Խորին գնահատանք յայտնելով Ճաշկերոյթի յանձնախումբին, Աւետարանչականի աշխատակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց բաժինը բերին ճաշկերոյթի յաջողութեան, ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան բեմ հրաւիրեց Վուսթըրի Եկեղեցիի Հոգաբարձական Խորհուրդի Ատենապետ Սթիվըն Փափազեանը եւ անոր յանձնեց Լինտա Խաչատուրեանի նուիրած «Շաքարէ Քանդակը»։

Անդրադառնալով իր աշխատանքի մարտահրաւէրներուն, Պր. Խանճեան ըսաւ.- «Մարտահրաւէր մը որ ես կը պայքարիմ արժանի երախտագիտութիւն փոխանցելու արդար մարդկանց եւ կանանց, որոնք կը թռչին կեանքի բարութեան թեւերուն վրայ, եւ որոնք փոխարէնը հաւատարմօրէն կ՚ուղղեն զայն Աստուծոյ»։

Պր. Խանճեան նաեւ յայտնեց որ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Սիմբոզիում» մը՝ յետ Ցեղասպանութեան վերապրողներու մնացորդացը փրկելու ջանքերուն վերաբերեալ։ «Սիմբոզիում»ը կը կազմակերպուի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Հաստատութեան Հիմնադրամին կողմէ՝ հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։

«Սիմբոզիում»ը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէ եւ լոյս աշխարհ պիտի բերէ այն բազմաթիւ հերոսները, որոնք մեծ սիրով ողջագուրեցին որբացած հայ երեխաներն ու այրիները, անոնց տալով ապաստանարան, սնունդ, կրթութիւն, եւ բուժելով ու պաշտպանելով զանոնք Տէր Զօրի մահասփիւռ դաշտերէն։

Պր. Խանճեան յիշեց նաեւ այս օրերուն Սուրիոյ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ տագնապող քաղաքացիները ու անոնց բռնագաղթը՝ անգամ մը եւս թողելով ետին այն ամէն ինչը որ ունին։ «Բայց պարզ զոհը Սուրիացի ժողովուրդն է, ներառեալ Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդները» ըսաւ ան։

«Աւետարանչականը անգամ մը եւս մարդասիրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ մենք հաւաքականօրէն եւ դրական կերպով պատասխանելու ենք այս կոչին։ Եւ ձեր նուիրաբերութեամբ պիտի շարունակենք իրականացնել այդ բոլորը» եզրակացուց ան։

Վեր. Ժոէլ Միքայելեան մատուց փակման եւ օրհնութեան աղօթքը եւ յոտնկայս «God Bless America» երգով այս բացառիկ եւ ոգեշնչիչ Ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին։

(Քաղուած Ֆլորէնս Աւագեանի Անգլերէն բնագրէն՝ հայացուց Լուիզա Ճանպազեան)

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment