Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Հանդիպած Է Ճափոնի Վարչապետ Շինձօ Ապէի Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Հանդիպած Է Ճափոնի Վարչապետ Շինձօ Ապէի Հետ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Թոքիօ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէի հետ։

Ճափոնի վարչապետը ողջունած է նախագահ Սարգսեանի մասնակցութիւնը կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին անոր առաջին այցը Ճափոն։ Ան ըսած է, որ Հայաստանը Ճափոնի համար կարեւոր գործընկեր է, եւ իրենք հետաքրքրուած են համագործակցութեան զարգացմամբ։ «Հայաստանը ունի հարուստ պատմութիւն, մշակոյթ, աւանդոյթներ: Հիմք ընդունելով անոնք՝ դուք կը կեդրոնանաք նոր արհեստագիտութիւններու ու նորարարութիւններու վրայ՝ նայելով ապագային»,- նշած է վարչապետ Ապէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով կայսրի գահակալութեան պատմական իրադարձութեան մասնակից ըլլալու հրաւէրի համար՝ նախագահ Սարգսեանը ըսած է. «Թէեւ մենք աշխարհագրօրէն իրարմէ բաւական հեռու ենք, սակայն մօտ ենք մեր արժէքներով, մեր մշակոյթով ու պատմութեամբ։ Երկուքս ալ հնագոյն ժողովուրդներ ենք, որոնք տարբեր առումներով ունին շատ նմանութիւններ։ Մենք պէտք է նայինք առաջ: Ապագան կ’ենթադրէ համագործակցութիւն: Հաւատացած եմ, որ կրնանք միասին շատ բան ընել»: Ան փոխգործակցութեան համար հեռանկարային համարած է նորարարութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, մաթեմաթիքական մոտելաւորման, մեծ հոսքերու տեղեկատւութեան կառավարման ոլորտները։

Այս ծիրէն ներս ան ներկայացուցած է նախագահական նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ Հայաստանի մէջ արհեստագիտութիւններու ու գիտութեան զարգացմանն ուղղուած ATOM (Advanced Tomorrow) ծրագիրը: «Ուրախ կ’ըլլանք այս ծրագրի շրջագիծէն ներս ճափոնական ընկերութիւններուն եւս տեսնել մեր երկրին մէջ»,- ընդգծած է նախագահը:

Նշելով, որ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք Ճափոն առաջիններէն մէկն էր, որ օգնութեան ձեռք մեկնեց Հայաստանին՝ նախագահ Սարգսեանը մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանը բարձր կը գնահատէ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման եւ բնական աղէտներու դէմ պայքարի, տարերային աղէտներու կանխարգիլման գործին ճափոնական օժանդակութիւնը մեր երկրին»:

Նշելով, որ երկու երկիրները ստորագրած են ներդրումներու ազատականացման, խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին համաձայնագիր, որ գործուն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ՝ նախագահ Սարգսեանը ըսած է, որ Հայաստանը, ըլլալով ԵԱՏՄ անդամ եւ ունենալով կայացած դրամատնային համակարգ, կրնայ  դիտարկուիլ որպէս առեւտրային հարթակ։ Ան համագործակցութեան առումով հեռանկարային համարած է նաեւ սնունդի անվտանգութեան ոլորտը։

Ճափոնի վարչապետը ըսած է, որ երկու երկիրները իրար աւելի լաւ ճանչնալու, իրար հնարաւորութիւնները բացայայտելու կարիք ունին։ Ան կարեւորած է ճափոնական ընկերութիւններուն Հայաստանի հետ համագործակցութեան ներուժի եւ հնարաւորութիւններու մասին տեղեկացնելը:

Այդ նպատակով ան կարեւոր համարած է համատեղ պիզնես ֆորումի իրականացումը։

Հայաստանի նախագահը իր եւ կառավարութեան անունով Ճափոնի վարչապետին հրաւիրած է Հայաստան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment