Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը Տեսակցած Է Նայիրի Յունանեանին Հետ

Պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը Տեսակցած Է Նայիրի Յունանեանին Հետ

by MassisPost

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը տեսակցած է «Հոկտեմբեր 27»-ի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Նայիրի Յունանեանին հետ։ Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է Պապաճանեանը։

««Երեւան Կեդրոն» Քրէակատարողական հիմնարկում 20 տարուայ մէջ առաջին անգամ շուրջ երկու ժամ առանձնազրոյց ունեցայ Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչական խմբի պարագլուխ Նայիրի Յունանեանի հետ», – գրած է Պապաճանեանը:

Ան նշած է՝ բազմաթիւ պատասխաններու հետ առաջ եկան բազմաթիւ հարցականներ՝ շարունակելով. «Որոնք պէտք է երկար վերլուծել, հասկանալ, բայց Հոկտեմբերի 27-ի գլխաւոր շահառուները՝ հակայեղափոխական ճամբարներից հանդէս եկող ռեւանշիսթական ուժերի պարագլուխները պէտք է միշտ յիշեն՝ Վազգէն Սարգսեանի, Կարէն Տեմիրճեանի, Եուրա Բախշեանի, Ռուբէն Միրոյեանի, Հենրիկ Աբրահամեանի, Արմենակ Արմենակեանի, Լեոնարտ Պետրոսեանի, Միքայէլ Քոթանեանի դաժան սպանութեամբ Հայաստանի պետութեանն ու պետականութեանը այս ահաբեկչական սպանդի հետեւանքով հասցուած վնասը չի ներուելու եւ որեւէ մէկն անպատիժ չի մնալու»:

Նայիրի Յունանեանը Հոկտեմբեր 22-ին պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակման դիմում ներկայացուցած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment