Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը Աշխապատի Մէջ

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը Աշխապատի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը Հոկտեմբեր 10-ին Աշկապատի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջագիծէն ներս կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը:

«Մենք այսօր լաւ հնարաւորութիւն ունինք Աշկապատի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի շրջագիծէն ներս ունենալ երկկողմ հանդիպում եւ տեսնել, թէ ինչպէս մենք պիտի կատարենք մեր ղեկավարներու՝ ՌԴ նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի պայմանաւորուածութիւնները»,-ըսած է Լաւրովը հանդիպման սկիզբը:

Անոր խօսքով՝ երկիրներու միջեւ շատ աշխոյժ երկխօսութիւն կ’ընթանայ թէ՛ առաջին դէմքերու, թէ՛ արտաքին գործոց նախարարներու, թէ՛ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու աշխատակիցներու մակարդակով՝ չխօսելով արդէն շատ աշխոյժ տնտեսական փոխգործակցութեան մասին: «Այնպէս որ մենք այսօր կը կարողանանք պարզել՝ ուրիշ ինչ անհրաժեշտ է ընել, որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ առանց որեւէ խափանման»,-նշած է Լաւրովը:

«Անշուշտ, սա շատ լաւ հնարաւորութիւն Է՝ քննարկելու մեր գործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ԵԱՀԿ-ի, Եւրոխորհուրդի, ՄԱԿ-ի եւ, ի հարկէ, յետխորհրդային տարածքի ընդելուզման միաւորումներուն մէջ»,-աւելցուցած է Ռուսաստանի ԱԳ նախարարը: Իր հերթին Զոհրապ Մնացականեանը նոյնպէս նշած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխգործակցութեան մեծ աշխոյժութիւնը: Անոր խօսքով՝ երկու երկիրներու միջեւ «կարծիքներու դրական փոխանակում կ’ընթանայ միջազգային օրակարգի, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր հարցերու շուրջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment