Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Ընդունած Է ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրը Եւ Ճուտի Չուն

Փաշինեանը Ընդունած Է ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրը Եւ Ճուտի Չուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի եւ հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի Չուն: Վարչապետը կարեւորած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու հետ հանդիպումը՝ Հայաստան-ԱՄՆ երկխօսութիւնը շարունակելու եւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները քննարկելու ծիրէն ներս:

Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է՝ ժողովրդավարութիւնը հայ հասարակութեան հաւատամքն է, արժէքային համակարգը, Հայաստանը պիտի շարունակէ այն հզօրացնելու ուղղութեամբ բարեփոխումները, եւ միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը պիտի նպաստէ այդ օրակարգի արագ եւ յաջող ընթացքին:

ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի Չուն ընդգծած են՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնն ու յաջորդած ժամանակահատուածի ձեռքբերումները ոգեւորի չեն, եւ ԱՄՆ-ն պատրաստակամ է աջակցելու վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան ժողովրդավարութեան զարգացման միտուած բարեփոխումներու օրակարգին:

Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի Չուն նաեւ մանրամասներ ներկայացուցած են Արցախ կատարած այցի վերաբերեալ՝ նշելով, որ տպաւորուած են Արցախի խաղաղասիրութեամբ, ապահովութեան զգացողութեամբ եւ քաղաքացիական գիտակցութեան բարձր մակարդակով:

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ԱՄՆ քոնկրէսականներու այցը Արցախ եւ անոնց գնահատականները կարեւոր նշանակութիւն ունին քաղաքական, նաեւ մարդասիրական առումով եւ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ Արցախի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկի եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումը:

Վարչապետն ու ԱՄՆ քոնկրէսականները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ այս ուղղութեամբ հայ-ամերիկեան գործակցութեան խորացման շուրջ: Անդրադարձ եղած է, մասնաւորապէս, Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) կողմէ ՀՀ կառավարութեան տրամադրուող թեխնիքական աջակցութեան շարունակման հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment