ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը հերքած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի պաշտօնանկութեան մասին լուրը: «Արմէնբրես»–ի ճշդող հարցին՝ կը համապատասխանէ արդեօք իրականութեան, որ վարչապետը միջնորդած է պաշտօնէն ազատել Տօնոյեանը, Կարապետեանը պատասխանած է. «Հերքում եմ լուրը»:
Լրատուամիջոցները հրապարակած են նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգը, ան անհեթեթութիւն համարած է մամուլի հրապարակումները ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը պաշտօնէն ազատելու մասին:
Մինչ այդ, լրատուամիջոցները անանուն տեղեկութիւն շրջանառած էին, որ Հոկտեմբեր 9-ին ՀՀ նախագահը հրամանագիր պիտի ստորագրէ Դաւիթ Տօնոյեանը նախարարի պաշտօնէն ազատելու մասին: Ըստ այդ հրապարակման, իբր, Նիկոլ Փաշինեանը արդէն միջնորդագիրը ներկայացուցած է նախագահին:
Նախագահական նստավայրէն «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած էին, որ որեւէ միջնորդագիր չեն ստացած:
Տօնոյեանը եւս լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ հերքած էր տեղեկութիւնը՝ նշելով, որ աշխատանքի մէջ է ու լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան: