Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանի Որոշումով Քոչարեանը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

Դատարանի Որոշումով Քոչարեանը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժած է Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Քոչարեանի խափանման միջոցը անյապաղ վերացնելու միջնորդութիւնը: Դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը հրապարակած է որոշման ներածական եւ եզրափակիչ մասերը:

Դատարանը խորհրդակցական սենեակ հեռացած էր Սեպտեմբեր 12-ին, նոյն օրը վերսկսած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահի եւ միւս երեք բարձրաստիճան նախկին պաշտօնեաներու գործով դատավարութիւնը: Քոչարեանի փաստաբանները միջնորդութիւն ներկայացուցած էին՝ կալանքէն ազատ արձակել իրենց պաշտպանեալին՝ հիմնուելով Սահմանադրական դատարանի Սեպտեմբեր 4-ին հրապարակած որոշման վրայ:

Դատաւոր Դանիբեկեանի կողմէ որոշման հրապարակումէն ետք նախկին նախագահի փաստաբանները եւս մէկ միջնորդութիւն ներկայացուցած են՝ նշելով, որ կ’առաջարկեն կամ գրաւով ազատ արձակել Ռոպերթ Քոչարեանը, կամ ալ կիրառել անազատութեան հետ չկապուած խափանման միջոց:

Փաստաբան Հայկ Ալումեանը պատճառաբանած է իրենց միջնորդութիւնը, նաեւ յայտարարած. – «Քիչ առաջ դատարանի կողմից կայացուած որոշման պատճառ է հանդիսացել երէկ հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձանց կողմից կատարուած յայտարարութիւնները եւ ուղիղ սպառնալիքները Սահմանադրական դատարանի հասցէին, բայց դրանք լինելով սպառնալիք Սահմանադրական դատարանի հասցէին՝ իրենց էութեամբ նաեւ դատարանին ուղղորդող յայտարարութիւններ էին, որովհետեւ այդ պաշտօնատար անձինք յանդգնեցին ասել, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը ապօրինի է, անօրինական է»:

Կողմերուն լսելէ ետք դատարանը կրկին հեռացած է խորհրդակցական սենեակ: Դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը յայտնած է, որ ներկայացուած միջնորդութիւններու վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ Սեպտեմբեր 20-ին, ժամը 17-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment