Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Երկու Կողմերուն Կոչ Ըրած են Վերականգնելու Խաղաղութեան Նպաստող Մթնոլորտը

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Երկու Կողմերուն Կոչ Ըրած են Վերականգնելու Խաղաղութեան Նպաստող Մթնոլորտը

by MassisPost

Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ քննարկած են խաղաղ գործընթացի առաջ մղման ուղղուած գաղափարներ, այդ շարքին՝ մարդասիրական ոլորտի մէջ, ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էմար Ամենագորովը հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ երկու կողմերու միջեւ կը պահպանուին բաւականին լուրջ տարաձայնութիւններ։ Անոր խօսքով՝ բանակցային սեղանին նոյն առաջարկութիւններն են։

«15 տարի շարունակ մենք կը տեսնենք նոյն գաղափարները, խաղաղութեան նոյն ծրագիրը», – ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ղեկավարը։

Ամենագորովի խօսքով՝ կայացած են բաւականին խոր բանակցութիւններ եւ բանակցութիւնները աւելի բովանդակ ային դարձնելու համար համանախագահները յաւելեալ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են:

«Տարաձայնութիւնները մանրամասնութիւններուն մէջ են», – աւելցուցած է Ամենագորովը՝ միեւնոյն ժամանակ նկատելով՝ ամենակարեւորը այդ մանրամասներն են։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է դրսեւորել աւելի մեծ քաղաքական կամք։

Հանդիպումէն ետք յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։ Միջնորդները կողմերուն կոչ ըրած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը։

Համանախագահները կը տեղեկացնեն, որ նախ առանձին, յետոյ ալ համատեղ հանդիպում ունեցած են նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ։

Համանախագահներու հետ իրենց զրոյցներու ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են գործող ուղիղ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները ամբողջ ծաւալով օգտագործելու կարեւորութիւնը, որպէսզի լարուածութեան վտանգի պարագային արագ արձագանգեն։

Արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ՝ համանախագահներու հովանիի ներքոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment