«Մենք կոշտ դիրքորոշում ունինք աշխարհի բոլոր երկիրներու կողմէ մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձի տեսական հնարաւորութիւն դիտարկելու հետ կապուած», Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նման յայտարարութիւն ըրած է Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի դեսպանը Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրելու հանգամանքին: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ ինք այդ հանդիպումէն այլ մանրամասներու չի տիրապետեր: Նշենք, որ ըստ մամուլի տեղեկութիւններու՝ Ռուսաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:
«Նախկինում նման այլ զրոյցներ, կարծես, չեն եղել: Ինքս էլ Ռուաստանի դեսպանի հետ բազմաթիւ հանդիպումներ եմ ունեցել, բազմաթիւ հարցեր քննարկել, խօսել այդ թւում՝ փոխադարձ ինքնիշխանութիւնը յարգելու մասին»,- շարունակած է ան:
Դիտարկման, թէ անոնք կարծես արդիւնք չեն տուած, Արարատ Միրզոյեանը արձագանգած է՝ ըսելով, թէ համակարծիք չէ այս տեսակէտի հետ: Ան աւելցուցած է, որ անձամբ կ’ողջունէ այն, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած են, բայց յորդորեց հեռուն գացող հետեւութիւններ չընել:
«Խօսքը ոչ թէ նրա մասին է, որ որեւէ երկրի դեսպան չպէտք է հանդիպի ՀՀ քաղաքական ներկապնակի որեւէ առանձին ներկայացուցչի հետ, ո՛չ, քաւ լիցի, ամենեւին, բոլորը բոլորին կարող են հանդիպել, խօսքն այն մասին է, որ հանդիպում է մի մարդու, որին շատ լուրջ մեղադրանք է առաջադրուած: Կայ դատական գործընթաց, որի շրջանակներում որեւէ այսպիսի հանդիպում, ակնարկ կարող է դիտուել որպէս միջամտութիւն»: