Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հ.Բ.Ը.Մ.-Սաթամեան Թատերախումբ – Բարձրամակարդակ Ներկայացում Մը «Փարատիսօ Պանդոկը»

Հ.Բ.Ը.Մ.-Սաթամեան Թատերախումբ – Բարձրամակարդակ Ներկայացում Մը «Փարատիսօ Պանդոկը»

by MassisPost

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Առանց վարանումի եւ առանց նախապաշարումի լաւատես եւ ինքնավստահ քայլերով ներկայաացանք Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Արուեստի նոր Կեդրոնը, ուր Յունիսի 15-ին, 2019 տեղի ունեցաւ Ժօրժ Ֆէտոյի եւ Մորիս Տըվալիէի հեղինակած «Փարատիսօ Պանդոկը» կատակերգութեան ներկայացումը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Սաթամեան» թատերախումբին կողմէ նախաձեռնուած սոյն բիէսի բեմադրութիւնը ստանձնած էր վաստակաշատ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան: Արդարեւ «Սաթամեան թատերախումբը» (նախապէս «Արտաւազդ»), անցեալ 40 տարիներու ընթացքին հանրութեան ներկայացած է աւելի քան 50 թատերախաղերով, որով այս տարուանը՝ պատմական եւ անկիւնադարձային բնոյթ կը կրէր, քանի որ իր ետին ունէր բեղուն վաստակ մը:

KSTG Hotel Paradiso June 15 16 2019 (2)

Հաւակնութիւնը չունինք գեղարուեստաքննադատի պրիսմակէն դիտելով եզրակացութիւններու յանգելու: Այսուհանդերձ ՚Փարատիսօ Պանդոկըՙ բառին իսկական առումով բարձրամակարդակ կատակերգութիւն մըն էր երեք արարով« որուն հեղինակը Ժորժ Ֆէտօ« Ֆրանսայի մեծագոյն երգիծաբաններէն մին կը համարուի Մոլիէրէն ետք: Նշենք նաեւ որ Ֆէյտոյի թատերգութիւններէն ոմանք շարժապատկերի ալ վերածուած են: Անոնց մէջ է նաեւ «Փարատիսօ Պանդոկը», խաղարկութեամբ Ճինա Լօլօպրիճիտայի եւ Ալեք Կոնիսի:

Նախ եւ առաջ կ՛ուզենք նշել որ որպէս նորութիւն նախքան վարագոյրին բացուիլը՝ դաշնամուրի կենդանի նուագակցութիւն մը սկսաւ, բեմին առջեւ նուագախումբերու յատկացուած հարթակին վրայ, ուր Նանոր Տէր Պետրոսեան, դաշնամուրի վրայ քաղցրահնչիւն նուագակցութեամբ մը, զուարթ նախատրամադրութիւն մը կը ստեղծէր: Նոյնը կրկնուեցաւ նաեւ ընդմիջման պահուն:

Գալով բուն թատերախաղին՝ նիւթն առնուած էր քսաներրորդ դարու սկզբնաւորութեան, Փարիզի քաղքենի հասարակութեան որոշ խաւերու բնորոշ ընկերային խոտոր սովորութիւններէն, ամուսնական անհաւատարմութիւններով եւ իրար խաչաձեւող զուգադիպութիւններով: Անոնք տարօրինակ եւ անհամ իրիվիճակներէն գոյացած ըլլալով՝ ստեղծած էին քրքջալիր նոր կացութիւն մը, արժանանալով հանդիսականներու խնդուքին եւ յարատեւ ծիծաղին:

KSTG Hotel Paradiso June 15 16 2019 (1)

Պոնիֆայի կերպարով Արամ Մուրատեան եւ Անժելիքի դերով Արփի Սամուէլեան կրցան հարազատօրէն դրսեւորել իրենց խաղարկութիւնները: Իսկ Մարսէլի դերով Նարինէ Աւագեանն ու Քօթայի կերպարով Ռուբէն Հարմանտայեանը անգամ մը եւս բացայայտեցին իրենց արհեստավարժ դերասանի արժանիքները£ Նոյն բնորոշումը կրնանք տալ նաեւ Փիթըր Նշանի (Մաքսիմի դերով): Հապա ինչ ըսել Ալեքս Խուրշիտեանին որ Մարթէնի դերին մէջ, ինքնուրոյն արուեստով կրցաւ դրսեւորել կակազող մարդու կերպարը, ստեղծելով ծիծաղի երկար պահեր:

Յիշատակութեան արժանի էին նաեւ տասնեակ մը այլ դերակատարները, որոնք իրենց բանիմաց խաղարկութեամբ, մեծապէս նպաստեցին բիեսի յաջողութեան:

Այս բոլորէն վեր մեր գնահատանքի առիւծի բաժինը կ՛երթայ վաստակաշատ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանին, որուն անուրանալի տաղանդին արգասիքն էր սոյն թատերախաղի յաջողութիւնը:

KSTG Hotel Paradiso June 15 16 2019 (4)

Ակներեւ էր նաեւ բեմադրութեան գիտա-թէքնիքական արդիական յօրինումներու կիրառումը: Պէտք չէ անտեսել նաեւ պանդոկի եւ բնակարանի սենեակներու տեքորի յղացումն ու ճաշակաւոր կերպով կահաւորումն իրագործող Մանուկ Սաթամեանի օգտաշատ ներդրումը:

Եզրակացութիւն՝ ներկաները զուարթ երեկոյի մը վայելքն ըմբոշխնած ըլլալու գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն շնորհաւորելով բեմադրիչն ու բոլոր դերակատարները:

Այս առթիւ փակագիծ մը բանալով կ՛ուզենք ըսել թէ տոմսակներու գիները ոչ միայն տարուէ տարի յաւելում կը կրեն այլեւ՝ հայ գաղութիս եւ հայկական կազմակերպութիւններու համար տարօրինակ կը թուին նաեւ սրահի տնօրէնութեան կողմէ, իւրաքանչիւր տոմսի վրայ դրուած դրամական տուրքը՝ որ պարտադիր եղած է ձեւով մը…: Հ.Բ.Ը.Մ.ի վերին պատասխանատուներուն կը մնայ վերատեսութեան ենթարկել վարձակալութեան համաձայնագիրը եւ զայն հանրամատչելի դարձնել շահագրգիռ կողմերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment