Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերաքննիչ Դատարանը Մերժեց Մանուէլ Գրիգորեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Բողոքը

Վերաքննիչ Դատարանը Մերժեց Մանուէլ Գրիգորեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Բողոքը

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժեց Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պաշտպաններու բողոքը եւ գրաւով ազատ արձակելու միջնորդութիւնը: Գրիգորեանն դատարան չէր եկած. ան հիւանդանոցն է:

Գրիգորեանի պաշտպանները կը շարունակեն պնդել՝ իրենց պաշտպանեալի կալանքը անհամատեղելի է հիւանդութիւններու հետ: Որոշման հրապարակումէն ետք պաշտպաններէն Լեւոն Պաղտասարեանը յայտարարեց՝ իրենց համար անակնկալ չէր դատարանի որոշումը:

«Ի՞նչ կարելի է սպասել դատական իշխանութիւնից, որը ամբողջովին ընկած է կեղտի եւ կաշառակերութեան մէջ», – նշած է Պաղտասարեանը:

Երեւանի առաջին ատեանի դատարանին մէջ ալ յետաձգուեցաւ Մանուէլ Գրիգորեանի եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի բուն գործով նիստը: Գրիգորեանը չէր եկած դատարան, պատճառաբանութեամբ՝ ի վիճակի չէ: Մեղադրող դատախազները միջնորդութիւն ներկայացուցին Մանուէլ Գրիգորեանը 2-րդ անգամ միջգերատեսչական յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկելու համար: Մեղադրող դատախազ Վահէ Դոլմազեանը ըսաւ՝ փորձաքննութիւնը կը բխի նաեւ Գրիգորեանի շահերէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment