Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեանը Արցախի մէջ Մասնակցած է Եռատօնի Միջոցառումներուն

Նիկոլ Փաշինեանը Արցախի մէջ Մասնակցած է Եռատօնի Միջոցառումներուն

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 9 Մայիսին Արցախի մէջ մասնակցած է Եռատօնին նուիրուած միջոցառումներուն:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քաղաքացիներու հետ միասին երթով շարժած են դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դրած են Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:

artsakh-2

Փաշինեանը այնուհետեւ այցելած է յուշահամալիրի հարեւանութեամբ գտնուող՝ Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատուն, ծաղիկներ դրած անոնց շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով ազատամարտիկներու յիշատակին:

Այնուհետեւ պաշտօնեաները ծաղիկներ դրած են Շուշիի  հրասայլ-յուշարձանին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:

Շուշիի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութեան ժամանակ Փաշինեանը զրուցած է ներկաներուն հետ եւ շնորհաւորած անոնց տօնական օրուան առթիւ:

artsakh-4

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի նորակառոյց Սուրբ Աստուածամօր Յովհանու եկեղեցի, կատարած մոմավառութիւն:

Կայացած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարներու հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեանն ու Բակօ Սահակեանը շեշտած են 9 Մայիսի տօնական միջոցառումներու կարեւորութիւնը, քննարկած Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

artsakh-3

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment