Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կոչ Կ՝ընէ Միջազգային Հանրութեան՝ Խստօրէն Դատապարտելու Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանին

Հայաստան Կոչ Կ՝ընէ Միջազգային Հանրութեան՝ Խստօրէն Դատապարտելու Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանին

by MassisPost

Հայաստան կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ խստօրէն դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ զայն վերապրածներու յիշատակին եւ արժանապատւութեան Թուրքիոյ նախագահի հասցուցած վիրաւորանքը եւ առաւել վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ ժողովուրդները ցեղասպանութենէ պաշտպանելու պետութիւններու պատասխանատուութեան ամրապնդման, անպատժելիութեան դէմ պայքարի եւ նմանօրինակ յանցագործութիւններու, ներառեալ՝ անոնց հրահրման կանխարգիլման ուղղութեամբ: Այս մասին նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի ոգեկոչման վերաբերեալ ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

«Ապրիլ 24-ին, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, հայերը` հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան բարեկամներու հետ միասին ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Բազմաթիւ ժողովուրդներ, համայնքներ եւ հասարակութիւններ միացան այս ոգեկոչման՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք երախտապարտ ենք անոնց բոլորին՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու առաջնորդներուն, խորհրդարանականներուն, բարերարներուն, գիտնականներուն, լրագրողներուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակի օրը հայ ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար:

Այնուամենայնիւ, Թուրքիան կը շարունակէ կառչած մնալ ժխտողականութեան խորշելի քաղաքականութեան՝ ցուցաբերելով Ցեղասպանութեան զոհերու արժանապատւութեան ու յիշատակին հանդէպ վիրաւորանք եւ անցեալի հետ առերեսուելու անկարողութիւն, որ կրկին արտացոլուեցաւ Թուրքիոյ նախագահի՝ այս տարուան Ապրիլ 24-ի ուղերձին մէջ: Ցեղասպանութեան զոհերու անուանարկումը՝ իբրեւ «հայկական հրոսակախումբերու եւ անոնց կողմնակիցներու» առաւել վիրաւորական է եւ ցաւալի: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ «վերաբնակեցման» քօղի տակ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան արդարացումը եւ ապա անոր՝ իբրեւ «առաւել ողջամիտ գործողութիւն» որակումը առանձնապէս ցնցող է, սակայն միեւնոյն ժամանակ անիկա կը վկայէ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդը՝ իբրեւ ազգային, ցեղական եւ կրօնական խումբ ամբողջովին կամ մասնակիօրէն ոչնչացնելու մտադրութեան մասին՝ համաձայն Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին Համաձայնագիրի սահմանման:

Աւելին, Թուրքիան հետեւողականօրէն կը փորձէ նաեւ կրօնական երանգ հաղորդել իր ժխտողականութեան, որ առաւել քան զազրելի է: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ կրօն կրնայ արդարացնել ցեղասպանութիւն իրականացուցած յանցագործներն ու անոնց աջակիցները: Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որուն մէջ բազում են իսլամական համայնքներու ներկայացուցիչներու՝ ներառեալ կրօնական առաջնորդներու կողմէ զոհերու փրկութեան դէպքերը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային լայն ճանաչումը եւ դատապարտումը ատոր օրինակն է:

Ինչպէս 1915-ին, այնպէս ալ աւելի քան մէկ դար անց, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բացայայտօրէն մարտահրաւէր նետել միջազգային հանրային կարծիքին եւ պատմական իրականութեան: Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան եւ արդարացման քաղաքականութիւնը ուրիշ բան չէ, քան առաւել ծանր յանցագործութիւններու անպատժելիութեան դէմ պայքարի, հաշուետուողականութեան, հաշտեցման եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն դէմ ուղղուած գործողութիւն: Անիկա կը խոչընդոտէ միջազգային հանրութեան կարեւոր ջանքերը` կանխելու այնպիսի իրավիճակներ, որոնք կրնան յանգեցնել ցեղասպանութեան յանցագործութեան:

Այս գործողութիւններն ու քաղաքականութիւնը ատելութիւն եւ առաւել ծանր յանցագործութիւններ խթանող ակնյայտ քայլեր են, անոնք ի ցոյց կը դնեն ժողովուրդները ցեղասպանութենէ պաշտպանելու Թուրքիոյ կառավարութեան անկարողութիւնը եւ պատասխանատուութեան ձախողումը, եւ սպառնալիք կը հանդիսանան միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան:

Հայաստան կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ խստօրէն դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ զայն վերապրածներու յիշատակին եւ արժանապատւութեան ուղղուած վիրաւորանքը եւ առաւել վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ ժողովուրդները ցեղասպանութենէ պաշտպանելու պետութիւններու պատասխանատուութեան ամրապնդման, անպատժելիութեան դէմ պայքարի եւ նմանօրինակ յանցագործութիւններու, ինչպէս՝ անոնց հրահրման կանխարգիլման ուղղութեամբ: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը եւ արժանապատւութեան յարգումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած ամենակարեւոր գործիքներն են»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment