Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Քոչարեանի, Օհանեանի, Խաչատուրովի, Գէորգեանի Մասով Մարտ 1-ի Գործը Ուղարկած է Դատարան

Դատախազութիւնը Քոչարեանի, Օհանեանի, Խաչատուրովի, Գէորգեանի Մասով Մարտ 1-ի Գործը Ուղարկած է Դատարան

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը հաստատած է նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Ռոպերթ Քոչարեանին, Եուրի Խաչատուրովին, Արմէն Գէորգեանին եւ Սեյրան Օհանեանին առնչուող՝ Մարտ 1-ի 2008-ի արիւնալի իրադարձութիւններու քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը եւ  ուղարկած է ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան։

Դեռ մէկ շաբաթ առաջ գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Մարտ 1-ի գործէն անջատուած մասով այս գործը ուղարկած էր դատախազութիւն՝ մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու։ Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալներէն ոչ ոք մեղադրանքը կ’ընդունի։

Այս գործով առանցքային մեղադրեալ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները դիմած են ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի ղեկավարութեան, որպէսզի կարողանան մասնակցիլ գործը ելեկտրոնային եղանակով դատաւորին մակագրելու գործընթացին՝ այն առարկայական իրականացնելու համար։

Քոչարեանի փաստաբան Յովհաննէս Խուտոյեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ոչ առարկայական գնահատած է դատախազութեան մեղադրական եզրակացութիւնը։

«Առարկայական չեն գնահատում, նախկինում բոլոր ներկայացուած խախտումների վերաբերեալ դիրքորոշումներ յայտնել ենք, դատախազութիւնը ինքը շարունակել է այդ խախտումների, պայմանական ասենք, հովանաւոր լինել, եւ գլխաւոր դատախազութիւնից մենք առարկայական վարքագիծ չենք ակնկալում, ինչպէս նախաքննութեան ընթացքում, այնպէս էլ դատաքննութեան փուլում», – նշած է Խուտոյեանը։

Սահմանադրական կարգը տապալելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Քոչարեանը կը շարունակէ պնդել՝ մեղաւոր չէ եւ կ’ենթարկուի քաղաքական հետապնդման։ Փաստաբան Խուտոյեանը կրկին անդրադարձած է սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածով մեղադրանքի անթոյլատրելիութեան։ 2008-ին նման յօդուած չէ եղած, Քոչարեանը պէտք չէ այդ յօդուածով մեղադրուի, կը շարունակեն պնդել անոր պաշտպանները։

«Եթէ վերցնենք հենց մեղադրանքը առանձին, չի կարող հաւաքուել ապացոյցների այնպիսի ծաւալ առհասարակ, որ այդպիսի մեղադրանքը հաստատի, որովհետեւ մեղադրանքը ի սկզբանէ սխալ է։ Վարոյթն իրականացնող մարմինը, չհերքեմ, ահռելի ծաւալի աշխատանք է կատարել, բայց էդ աշխատանքը իրականում դատարկ տեղն է կատարել, որովհետեւ իրենց առաջադրած մեղադրանքը ուղղակի իրաւաբանօրէն չի կարող գոյութիւն ունենալ», – ընդգծած է Խուտոյեանը։

Գործի ուսումնասիրութիւնը թոյլ կու տայ պնդել, որ չկայ մէկ ցուցմունք, որ ուղղուած է Քոչարեանի դէմ, նաեւ յայտարարած է փաստաբանը։ – «Մենք դեռեւս ամբողջութեամբ չենք ծանօթացել քրէական գործի նիւթերին, բայց այն ծաւալով, ինչքանով որ ծանօթացել ենք չկայ մէկ ցուցմունք, որը ուղղուած է պարոն Քոչարեանի դէմ։ Անգամ Գագիկ Մելքոնեանի ցուցմունքը, որովհետեւ դէմ ցուցմունք մենք կարող ենք համարել այն ցուցմունքը, որը չի համապատասխանում անձի տուած ցուցմունքին կամ իր տուած բացատրութիւնը, կամ որը կարող է դրուել մեղադրանքի հիմքում», – ըսած է Խուտոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment