Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդն Ու Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Ժողովուրդն Ու Ղեկավարութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Ապրիլ 24-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Յուշահամալիր այցելեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան եւ կառավարութեան անդամներ: ՀՀ նախագահին, վարչապետին եւ ԱԺ նախագահին կ՛ուղեկցէին անոնց տիկիները:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Ապա, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Հաւաքուածները գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զահուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը:

Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կը կատարուին Հայաստանի բոլոր շրջաններուն, Արցախի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ: Բողոքի կոչեր բարձրացան Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձներ յղուեցան միջազգային հանրութեան՝ ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը:

Ամբողջ օրը Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, քաղաքական տարբեր գործիչներ, սփիւռքահայեր եւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ:

genocide-armenian-2

Վարչապետի Ուղերձը
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի առթիւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ.

«Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

«Հայոց ցեղասպանութեան առանձնայատկութիւններէն է այն, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ոչ միայն բնաջնջուած է ֆիզիքապէս, այլ նաեւ զրկուած է իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն: Մեզ հետեւողականօրէն զրկած են այն հողէն, ուր հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած էր եւ կը զարգանար հայկական մշակոյթը, հայկական ինքնութիւնը: Երկրի երեսէն ջնջուած է հայկական ինքնութիւնը կազմող մշակութային ժառանգութիւնըª հազարաւոր դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր: Ոչնչացուած են հայկական մշակոյթի էութեան կրողներըª անոր մտաւորականութիւնն ու հոգեւորականութիւնը: Այդ հսկայական հարուած էր ոչ միայն հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին ու անոր մշակութաբանական տեսակին, այլ նաեւ մարդկային ողջ քաղաքակրթութեան: Անդառնալիօրէն կորսուած է համաշխարհային մշակոյթի մաս կազմող ուրոյն եւ ինքնատիպ շերտ մը: Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանբ անդառնալիօրէն փոխուած է ողջ տարածաշրջանի մը մշակութային պատկերը: Մի±թէ այս յանցագործութիւն չէր մարդկութեան դէմ:

«Ոճրագործը ոչնչացուց մեր բանաստեղծերըª անոնց, որոնք կը կազմէին մեր խիղճը, մեր ինքնութեան առանցքը: Ուստի մեր շարունակական պայքարը մեր էութեան, մեր տեսակի պահպանութեան համար է: Մոռնալով անոնց յիշատակը, մոռանալով անոնց մշակութային ժառանգութիւնը՝ մենք կը դաւաճանենք մեր էութեան: Անոնց յիշատակը վառ պահելով, պայքարելով արդարութեան վերականգնման համար՝ մենք ձեռք կը բերենք անմահութիւն: Ուստի մենք հետեւողական պիտի ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ»:

genocide-armenian-5

Նախագահ Սարգսեանի Ուղերձը
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ապրիլ 24-ի իր ուղերձին մէջ յատկապէս ըսաւ.

«Այսօր համայն հայ ժողովուրդը‘ առաջադէմ մարդկութեան հետ, աշխարհի բոլոր մայրցամաքներո վրայ կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

«Ապրիլ 24-ը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի օրն է, իրենց պատմական բնօրրանին մէջ բռնութիւններու ենթարկուած եւ հայրենի հողէն տեղահանուած մեր բազմաթիւ հայրենակիցներու ողբերգութիւնը վերստին յիշելու, մեր կորսնցուցած հոգեւոր, նիւթական ու մշակութային արժէքներու մասին յիշեցնելու, մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան մասին աշխարհին եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելու, սթափութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կոչելու օրը:

«Ապրիլ 24-ը մեզի համար խնկարկումի, բայց նաեւ յարութեան օր է:

«Հայոց Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը դուռ բացաւ մարդկութեան դէմ յետագայ ծանր յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու առջեւ: Յիշենք Հոլոքոստը, Քամպոջան, Ռուանտան եւ միւս ողբերգութիւնները:

Այն զգօնութեան դաս պէտք է ըլլայ բոլորին համար: Մարդկութեան դէմ գործուած այդ ահաւոր ոճրին միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր քայլ պէտք է դառնայ անոր կրկնութիւնը աշխարհի որեւէ տեղ բացառելու նպատակով:

«Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր այն պետութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն, մշակութային, ակադեմիական եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն, անհատներուն, որոնք իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին եւ կը ճանչնան ու կը դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment