Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաքեան Քիւրտիստանի Պատուիրակութիւնը Ժամանած է Հայաստան Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Յարգանքի Տուրքը Մատուցելու Առաքելութեամբ

Իրաքեան Քիւրտիստանի Պատուիրակութիւնը Ժամանած է Հայաստան Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Յարգանքի Տուրքը Մատուցելու Առաքելութեամբ

by MassisPost

ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, խորհրդարանին մէջ եզիտի համայնքի ներկայացուցիչ Ռուստամ Բաքոյեանը 23 Ապրիլին հանդիպած է Իրաքեան Քիւրտիստանէն ժամանած պատուիրակութեան հետ:

Հիւրերը Հայաստան ժամանած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու առաքելութեամբ:

Ռուստամ Բաքոյեանը կարեւորած է Հայոց եղեռնի ճանաչման գործընթացը եւ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան դէմ պայքարը: Պատգամաւորը նշած է, որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած հանցագործութիւն է եւ անոր դէմ պայքարը պէտք է սկսիլ ամենաստորին մակարդակներէն` չթողելով, որ ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը արմատաւորուին հասարակութիւններուն մէջ:

Ռուստամ Բաքոյեանը անդրադարձ կատարած է Իրաքի Սինճար նահանգին մէջ տեղի ունեցած եզիտիներու ցեղասպանութեան, պատուիրակութեան անդամները յորդորելով իրենց հերթին քայլեր ձեռնարկել` բացառելու Իրաքի մէջ եզիտիներու հանդէպ խտրականութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը:

Պատուիրակութեան ղեկավար Ռամիկ Ռամազան Քարիրը, որ Քիւրտիստանի Չամչամալի քաղաքապետն է, խօսած է 1988 թուականին Սամատ Հուսէինի կողմէ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ իրականացուած «Անֆալ» գործողութեան մասին, որու հետեւանքով շուրջ 50.000 մարդ ցեղասպանուած էր:

Հանդիպման աւարտին զրուցակիցները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են համատեղ քայլեր իրականացնելու ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment