Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարա կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի Բանաձեւը

Անգարա կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի Բանաձեւը

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարան կոշտ արձագանգած է նախօրէին Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի կողմէն բանաձեւի ընդունմանը, որմով երկրի կառավարութեան կոչ կ’ընէ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ խնդրին տալ միջազգային հնչեղութիւն։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է իտալացի օրէնսդիրներու որոշումը՝ շեշտելով, թէ «այդ բանաձեւը հայկական պնդումները ներքաղաքական շահերու համար գործիք դարձնելու հերթական օրինակն է»:

«Զարմանալի չէ, որ օրինագիծը պատրաստուած է Մաթէօ Սալվինիի գլխաւորած «Լեկա» կուսակցութեան կողմէն, որ լծուած է թուրք-իտալական յարաբերութիւնները խափանելու գործին: Զարմանալի ու ցաւալի է, որ խորհրդարանը գործիք դարձած է Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն «Լեկա» կուսակցութեան դիրքերը ամրապնդելուն ուղղուած այս խաղին: Ըստ էութեան, հայկական պնդումները մշտապէս օրակարգ կու գան կամ նախընտրական շրջանին, կամ ալ հակաթրքական ծիրէն ներս, եւ այս հանգամանքը յստակ ցոյց կու տայ հարցի քաղաքական բնոյթն ու պատմական իրականութեան հետ աղերս չունենալու փաստը: Այս ջանքերը կողմերէն ոչ մէկուն օգուտ կու տան, միեւնոյն ժամանակ կը խոչընդոտեն ապագային ուղղուած դրական նախաձեռնութիւնները», – ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ: – «Այս բանաձեւը մեր երկրի հետ պատմական առնչութիւններ, առեւտրային սերտ համագործակցութիւն ունեցող եւ ռազմավարական դաշնակից Իտալիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ անխուսափելի ազդեցութիւն կ’ունենայ: Պատմութիւնը քաղաքականացնելուն ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման այս բանաձեւը եւս Թուրքիոյ համար իրաւական նշանակութիւն չունի»:

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն եւս արձագանգած է Իտալիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի ընդունած բանաձեւին: Քալըն իր «թուիթերեան» էջին գրած է. – «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումը կ’անտեսէ պատմական իրողութիւնները եւ նոր թշնամութիւն կը սերմանէ։ Մենք խստօրէն կը դատապարտենք պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու մեր նախագահի կոչը անտեսող այս մօտեցումները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment