Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պիտի Ընենք Ամէն Ինչ Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Աջակցելու Համար». ԵԽ Գլխաւոր Քարտուղար

«Պիտի Ընենք Ամէն Ինչ Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Աջակցելու Համար». ԵԽ Գլխաւոր Քարտուղար

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը գործողութիւններու նոր ծրագիր հաստատած է Հայաստանի համար, այն շատ լայն ծրագիր է, որ առաջ կը տանի եւ կը զարգացնէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, Սթրասպուրկի մէջ յայտարարած է Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

«Ընտրութիւնները, որ տեղի ունեցան Դեկտեմբերին, եզրափակեցին խաղաղ իշխանափոխութիւնը։ Կ’ուզեմ նաեւ ողջունել վարչապետը անոր կատարած քայլերու համար, որոնք քայլ առաջ են։ Մենք պատրաստակամ ենք աջակցելու այդ քայլերուն: Վերջերս ընդունած ենք գործողութիւներու նոր ծրագիր 2019-2022 թուականներուն համար: Այն շատ մեծ գործողութիւններու ծրագիր է, եւ մենք պիտի շարունակենք նոյն ոգիով աշխատիլ միասին, ինչպէս նախապէս՝ հզօրացնելով ժողովրդավարական հիմնարկները եւ հակակշռումներու եւ փոխզսպումներու մեխանիզմները երկրին մէջ: Կը դրուատեմ յատկապէս նոր կառավարութեան ջանքերը՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ: Հրաշալի է, որ վարչապետը այստեղ է, կը շնորհաւորեմ պարոն վարչապետ այն ամէնուն համար, ինչին հասեր էք Դուք մինչեւ հիմա: Կը վստահեցնեմ, որ Եւրոպայի խորհուրդի համար Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է, Հայաստանը եւրոպական պետութիւն է՝ եւրոպական արժէքներով եւ եւրոպական պատմութեամբ», -ըսած է Եակլանտը։

Փաշինեան իր հերթին նշած է, որ Հայաստանը յեղափոխութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է եւրոպական արժէքներուն։

«Շատ կարեւոր էր, որ ժողովրդավարական, «սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան յեղափոխութիւնը ամբողջովին տեղական, ներքին, քաղաքական գործընթաց էր եւ ոչ մի արտաքին ուժ դրանում ներգրաւուած չէր: Եւ դա եւս մէկ անգամ ապացուցում է, որ ժողովրդավարութիւնը մեր ժողովրդի մտքում եւ սրտում է, մեր ժողովրդի ցանկութիւններում: Կասկած չկայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամբողջովին նուիրուած է ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգին: Նաեւ պէտք է ընդգծենք, որ այն օրուանից, երբ Հայաստանը դարձաւ Եւրոպայի խորհրդի լիարժէք անդամ, Եւրոպայի խորհուրդը իր գործունէութեամբ ու ծրագրերով մշտապէս աջակցել է ժողովրդավարական բարեփոխումներին: Եւ հիմա, երբ մենք կարող ենք յայտարարել, որ Հայաստանը արդէն ժողովրդավարական երկիր է, հիմա եւս մենք Եւրոպայի խորհուրդից աջակցութեան յոյս ունենք, մեզ պէտք է այն հսկայական փորձառութիւնը, որ կառոյցը ունի», – ըսած է Փաշինեանը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ որեւէ նոր առաջարկ ունի՞ն Հայաստանի համար, ի՞նչ կ’ակնկալեն յետյեղափոխական Հայաստանէն մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու վերաբերեալ, Եակլանտ պատասխանած է. – «Մենք արդէն տեսեր ենք, որ նոր կառավարութիւնը բարեփոխումներու օրակարգ ունի եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած է իրականութիւն դարձնելու այն, մեզի համար յատկապէս շատ կարեւոր է դատական համակարգի բարեփոխումները: Շատ կարեւոր է, թէ ինչպէս կ’աշխատի ընդդիմութիւնը, ինչպէս կ’աշխատին լրատուամիջոցները փոխզսպումներու եւ հակակշիռներու պայմաններուն մէջ: Իսկ այդ կաշառակերութեան դէմ պայքարի միակ ճանապարհն է, որովհետեւ եթէ խորհրդարանին մէջ չկայ հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու մեխանիզմ, չկայ անկախ դատական համակարգ, ազատ լրատուամիջոցներ, միշտ ալ կաշառակերութիւնը կը յաղթէ: Ես գիտեմ, որ այս է կառավարութեան օրակարգը, ամէն ինչ կ’ընենք, որ աջակցինք անոր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment