Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Մարդասիրական Օգնութեան Ուղարկած է Իրան

Հայաստանը Մարդասիրական Օգնութեան Ուղարկած է Իրան

by MassisPost

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն (ԱԻՆ) դէպի Իրան շարժած է ջրհեղեղէն տուժած ազգաբնակչութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը:

ԱԻՆ հաղորդագրութեան համաձայն՝ օգնութեան խմբաքանակը Իրանի բարեկամ ժողովուրդին տրամադրուած է Ռուս-Հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի գործունէութեան շրջանակէն ներս՝ Իրանի Կարմիր մահիկի միջազգային կազմակերպութեան միջոցով: Այն կը ներառէ 40 վրան, 250 մահճակալ եւ 4000 ծածկոց: Շարասիւնի աւարտական կէտը Իրանի Թաւրիզ քաղաքն է, ուր եւ խմբաքանակը պիտի փոխանցուի Իրանի Կարմիր մահիկի միջազգային կազմակերպութեան:

Միջոցառման ներկայ էին Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը եւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սեյէտ Քազէմ Սաճատին, Ռուսաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ:

Ցոլակեանը նշած է, որ Իրանը պատուհասած աղէտը աննախադէպ էր իր չափերով եւ ծաւալներով, շեշտելով, որ բնական տարերքի վտանգը դեռ կը պահպանուի եւ կրնայ հասնիլ մայրաքաղաք Թեհրան:

Սեյէտ Քազէմ Սաճատին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին՝ «մարդասիրական զգացմունք ցուցաբերելու համար»: «Այս օգնութիւնը մարդասիրութեան շատ խորհրդանշական նշան է»,- ըսած է Իրանի դեսպանը:

Դիւանագէտը նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու վկայութիւնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Իրան կատարած արդիւնաւէտ այցն էր:

Իր խօսքը դեսպանը եզրափակած է հայերէն «Շնորհակալութիւն» արտայայտութեամբ:

Իրանի մէջ ջրհեղեղի պատճառով աւելի քան 70 մարդ զոհուած է: Բնական աղէտի հետեւանքով տուժած է աւելի քան 1900 քաղաք ու գիւղ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment