Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սփայքա» Ընկերութեան Տնօրէնը Կալանաւորուած է

«Սփայքա» Ընկերութեան Տնօրէնը Կալանաւորուած է

by MassisPost

«Սփայքա» ընկերութեան սեփականատէր եւ տնօրէն Դաւիթ Ղազարեանը Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է։

 Դռնփակ նիստէն ետք Ղազարեանի պաշտպան Կարէն Սարդարեանը տեղեկացուցած է, որ դատարանը կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրած է, քանի որ համարած է, որ Ղազարեանը, գտնուելով ազատութեան մէջ, կրնայ ազդեցութիւն ունենալ նախաքննութեան վրայ:

Պաշտպանական կողմը կը պատրաստուի բողոքարկել Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը։

Դաւիթ Ղազարեանը, անձամբ, դատարանի նիստէն ետք «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կրկնած է այն, ինչ աւելի վաղ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր. Չընդունիր ՊԵԿ-ի կողմէ առաջադրուած մեղադրանքը, իսկ դատարանի որոշումը հակաիրաւական կ’որակէ․ – «Ինձ չի թւում, որ արդարութիւն կայ, քանի որ սա արդարութիւն չի: Մարդը ասում ա՝ եկէք հաշուարկ անենք, եթէ պարտք ենք՝ վճարում ենք․․․ Միայն կալանքի միջոցով են կարողանում իրենց հարցերը լուծել»:

Յիշեցնենք, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէն անցած շաբաթ յայտարարած է, որ գիւղմթերքի խոշոր փոխադրող «Սփայքան» չէ կատարած իր հարկային պարտաւորութիւնները՝ պետութեան պատճառելով 7 միլիառ 36 միլիոն դրամի վնաս։

«Երեք օրում 7 միլիառ հարկ է որոշուել՝ առանց հարկատուին մասնակից դարձնելու: Դա աննախադէպ է անգամ մեր թէ՛ հին, թէ՛ նոր Հայաստանի ՊԵԿ-ի համար», – ըսած է փաստաբան Սարդարեանը:

Մինչեւ դատական նիստի մեկնարկը, դատարանի շէնքի դիմաց «Սփայքա» ընկերութեան աշխատակիցներ հաւաքուած էին: Տեղեկանալով դատարանի որոշման մասին՝ անոնք փակեցին Տիգրան Մեծ պողոտան։ Բողոքի ցոյցի մասնակիցները արգելափակեցին այն մեքենան, որմով կալանավայր կը տեղափոխուէր «Սփայքա» ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Ղազարեանը։ Երկար ժամանակ ոստիկանութիւնը չէր յաջողեր բանալ մեքենայի ճանապարհը, սակայն աւելի ուշ հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ մեքենայի շարժի համար։

Դատարանի առջեւ որոշ ժամանակ մնալէ ետք, վարչապետին սպասելէ ետք աշխատակիցները որոշեցին, որ իրենց բողոքի ցոյցը շարունակեն արդէն կառավարութեան շէնքի առջեւ։

Ընկերութեան աշխատակիցներուն լսեց վարչապետի օգնական Նայիրի Սարգսեանը՝ ըսելով․ – «Չի կարող լինել նոր Հայաստանում միջամտութիւն կառավարութեան կողմից իրաւական կամ դատական իշխանութիւնների նկատմամբ»:

Երկար ժամանակ կառավարութեան շէնքի առջեւ մնալէ ետք աշխատակիցները որոշեցին, որ պէտք է երթան իրենց աշխատանքները շարունակելու։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment