Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն կը Ձգտին Իւրացնել Անդրկովկասը. Զախարովա

ԱՄՆ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն կը Ձգտին Իւրացնել Անդրկովկասը. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանը Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի գործողութիւնները կը համարէ լուրջ ռազմա-քաղաքական մարտահրաւէր: Այս մասին ատրպէյճնական ONA պարբերականի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Անոր խօսքով՝ այս տարածաշրջանը, անկասկած, կը դասուի Ռուսաստանի յատուկ կարեւորութեան շահերու ոլորտին մէջ: Սա առաջին հերթին պայմանաւորուած է աշխարհագրական մերձաւորութեամբ: «Ակնյայտ է Հարաւային Կովկասի նշանակութիւնը լայն աշխարհաքաղաքական առումով: Այսօր այստեղ լիովին կը դրսեւորուի յայտնի արտատարածաշրջանային ուժերու՝ իրենց կանոններով Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) տարածքը վերաձեւելու անպատկառ ձգտումը: Որպէս Ռուսաստանի համար լրջագոյն ռազմա-քաղաքական մարտահրաւէր կը դիտարկենք Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի գործողութիւնները: Եւ, ի հարկէ, անհնար է չըսել Լեռնային Ղարաբաղի չկարգաւորուած հակամարտութեան մասին, որուն, ցաւօք, ներգրաւուած են մեր մերձաւորագոյն բարեկամներն ու գործընկերները՝ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը:

Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան աջակցութիւնը, տարածաշրջանի աստիճանական զարգացման ապահովումը տարածաշրջանի երկիրներու հանդէպ Ռուսաստանի բարեկամական վերաբերմունքի պարագային այսուհետեւ եւս պիտի մնայ ռուսական արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը»,- նշած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment