Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2018-ի Ապրիլեան Հաւաքներու Մասնակիցներու Իրաւունքները Կոպիտ Խախտուած են. Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան

2018-ի Ապրիլեան Հաւաքներու Մասնակիցներու Իրաւունքները Կոպիտ Խախտուած են. Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան

by MassisPost

2018-ի ապրիլեան հաւաքներու մասնակիցներու իրաւունքները կոպիտ խախտուած են, անոնց նկատմամբ կիրառուած են խիստ անհամաչափ վարչական միջոցներ ու անհիմն ձերբակալումներ։ Այդ մասին ըսուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի տարեկան հաղորդման մէջ։

ՄԻՊ գրասենեակը մանրամասնած  է՝ այդ օրերուն խախտումներ արձանագրած են Ոստիկանութեան գործողութիւններուն առումով:

Մասնաւորապէս,

  1. Տեղի ունեցած է վարչական իրաւախախտման վարոյթին մէջ ազատութենէ զրկուած անձանց նուազագոյն իրաւունքներու (այդ շարքին՝ փաստաբանի եւ բժիշկի մատչելիութիւն, տեղեկացնելու իրաւունք եւ այլն) կոպիտ խախտումներ: Վարչական ձերբակալման եւ բերման ենթարկելու օրէնսդրական համակարգին մէջ առկայ են լուրջ խնդիրներ, որոնք ունին սկզբունքային վերանայման կարիք:
  2. Բերման ենթարկուած կամ ձերբակալուած անձինք Ոստիկանութեան բաժիններուն մէջ պահուած են օրէնքով նախատեսուած ժամկէտէն աւելի, այսինքն՝ անօրինական: Սա երբեմն կը պատճառաբանուէր Ոստիկանութեան կազմակերպական եւ մարդկային միջոցներու անբաւարարութեամբ, սակայն այն ոչ մէկ պարագայի կրնայ արդարացում ըլլալ եւ պէտք է բացառուի:
  3. Խաղաղ հաւաքներու մասնակիցներու նկատմամբ կիրառուած վարչաիրաւական միջոցները, այդ շարքին՝ վարչական ձերբակալումներն ու բերման ենթարկելը եղած են խիստ անհամաչափ: Իրականութեան մէջ անոնք պէտք է ուղղուած ըլլային խաղաղ հաւաքներու ազատութեան չարդարացուած որեւէ միջամտութիւն բացառելուն, այլ ոչ թէ պարզապէս մարդոց հաւաքի վայրէն մեկուսացնելուն:
  4. Ոստիկանութեան բաժիններուն մէջ անչափահասներու նկատմամբ տարուող վարչական իրաւախախտման վարոյթի շրջանակէն ներս տեղի ունեցած են անոնց իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ, այդ շարքին՝ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքի ու անոնց ազատութենէ զրկելու հարցերու վերաբերեալ յատուկ ընթացակարգերու բացակայութեան պատճառով:
  5. Բազմաթիւ դէպքերով վարչական ձերբակալումը կիրառուած է քրէական գործով վարոյթին պարզապէս անձի ներգրաւուածութիւնը ապահովելու ու անով իսկ բաժնէն ներս անոր գտնուիլը երկարցնելու նպատակով: Սա խիստ անթոյլատրելի մօտեցում է եւ պէտք է բացառել որեւէ դրսեւորում: Այդ կերպ, փաստօրէն, գործած է «վարչական ձերբակալում-վկայի կարգավիճակով անձին նախաքննութեան մարմնին ներկայացնել-քրէադատավարական ձերբակալում» մեխանիզմը՝ քրէադատավարական պահանջները շրջանցելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment