Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ինչ Ունեցուածք Յայտարարագրած է ՀՀ Նախագահը

Ինչ Ունեցուածք Յայտարարագրած է ՀՀ Նախագահը

by MassisPost

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիքայի յանձնաժողովին ներկայացուցած է 2018 թուականի տարեկան յայտարարագիրը: Այն ներկայացուած է 28 Մարտին:

Յանձնաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած փաստաթուղթի համաձայն՝ նախագահը չէ յայտարարագրած ո՛չ անշարժ եւ ո՛չ ալ շարժական որեւէ գոյք: Ան յայտարարագրած է տուեալներ միայն դրամական միջոցներու եւ եկամուտի վերաբերեալ:

Նախագահի դրամական միջոցները 2018 թուականի հարկային տարուայ սկիզբը կազմած են 5,500,000 եւրօ: 2018 թուականի հարկային տարուայ վերջաւորութեան նշուած դրամական միջոցը նուազած է՝ կազմելով 5,400,000 եւրօ: ՀՀ նախագահի եկամուտը 2018 թուականի հարկային տարուան գոյացած է աշխատավարձէն՝ կազմելով 8,379,608 ՀՀ դրամ:

Աւելցնենք, որ Արմէն Սարգսեանի՝ 2017 թուականի տարեկան յայտարարագրին մէջ առկայ դրամական միջոցներու վերաբերեալ տուեալները էապէս չեն տարբերիր 2018 թուականի տարեկան յայտարարագրէն: 2017 թուականի հարկային տարուան սկիզբը դրամական միջոցը կազմած է 5,700,000 եւրօ: Իսկ 2016 թուականի յայտարարագրի համաձայն՝ դրամական միջոցը աւելի մեծ թիւ կազմած է՝ 6,150,000 եւրօ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment