Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամբողջութեամբ կը Վերահսկենք Ատրպէյճանի Զօրավարժութիւններուն. Դաւիթ Տօնոյեան

Ամբողջութեամբ կը Վերահսկենք Ատրպէյճանի Զօրավարժութիւններուն. Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը շատ հանգիստ կը վերաբերի այս օրերուն Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող զօրավարժութիւններուն: Այս մասին 12 Մարտին, Aysor.am-ի  հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը։

Ան շեշտած է՝ չի կարծեր, որ այս առումով անհանգստանալու կարիք կայ։

Դիտարկման, թէ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը յայտարարած էր, որ այս զօրավարժութիւնները կ’իրականացուին Փաշինեան-Ալիեւ սպասուող հանդիպման ծիրէն ներս, Դաւիթ Տօնոյեանը արձագանգած է՝ տարբերակ է։

Ինչ կը վերաբերի հարցին՝ ինչո՞ւ ատրպէյճանական կողմը առանց ծանուցումներու նման ծաւալի զօրավարժութիւն կ’իրականացնէ, Դաւիթ Տօնոյեանը պատասխանած է.«Զօրավարժութեան անցկացումն ինքնըստինքեան միջազգային պարտաւորութիւնների խախտում է, բայց այս պահին մենք ամբողջութեամբ վերահսկում ենք ընթացքը։ Անհանգստանալու ոչ մի խնդիր չկայ»։

«Զօրավարժութեան անցկացումն ինքնըստինքեան միջազգային պարտաւորութիւնների խախտում է, բայց այս պահին մենք ամբողջութեամբ վերահսկում ենք ընթացքը: Անհանգստանալու ոչ մի խնդիր չկայ»:

Մարտ 11-ին Ատրպէյճանական բանակը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած է: Անոնք պիտի շարունակուին հինգ օրª մինչեւ 10 հազար զինուորներու, 500 հրասայլի, 300 միաւոր հրթիռահրետանային համակարգերու, օդուժի եւ այլ ծանր զինատեսակներու ներգրաւմամբ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, զինուորները յարձակողական ծրագիր պիտի իրագործեն, փորձելով պայմանական հակառակորդը խոցել շարք մը ուղղութիւններով: Կը հաղորդուի, որ զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի կիրառուին նաեւ վերջին տարիներուն ձեռքբերուած նոր զինատեսակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment