Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԱԹՕ-ն կը Յարգէ Հայաստանի Ընտրութիւնը՝ Դաշնակիցներու Հարցի Առումով. Ճէյմս Ապաթուրայ

ՆԱԹՕ-ն կը Յարգէ Հայաստանի Ընտրութիւնը՝ Դաշնակիցներու Հարցի Առումով. Ճէյմս Ապաթուրայ

by MassisPost

«Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ գործընկերութիւնը վերջին տարիներու ընթացքին զարգացած է»,- «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»-ի շրջանակէն ներս Ֆրանսական համալսարանին մէջ ըսած է  ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ապաթուրայը:

Ապաթուրայի խօսքով՝ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը քաղաքական է եւ գործնական. «Քաղաքական երկխօսութիւնը աշխոյժ է, պէտք է շարունակուի, ընդլայնուի, խորանայ: Ես նշեցի նաեւ գործնական գործընկերութեան մասին: Իւրաքանչիւր տարի մօտ 50 ուսուցման գործողութիւններու կը մասնակցին հայ մասնակիցները: Մենք կը պայքարինք նաեւ կաշառակերութեան դէմ: Հայաստանը կայ նաեւ ընդելուզման աջակցման ծրագրին մէջ: Մենք կ’աշխատինք կրթութեան բնագաւառը բարեփոխելու համար: Երրորդը՝ կինն ու անվտանգութիւն ուղղութիւնն է, կ’աշխատինք այնպէս ընել, որ կիները եւ տղամարդիկ որոշումներ կայացնելու հաւասար իրաւունք ունենան: Այսօր ՆԱԹՕ-ն կ’աշխատի նաեւ ահաբեկչութեան դէմ»:

ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ ՆԱԹՕ-ն կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրութիւնը՝ դաշնակիցներու հարցի վերաբերեալ: Ճէյմս Ապաթուրայի խօսքով՝ խնդիր չկայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ ըլլալու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ Հայաստանի համագործակցութեան համար:

«Մենք զարգացած ենք երկրորդ աշխարհամարտի աւարտէն ետք: Մենք դժուար ժամանակներ կ’անցնենք: Մեր թեմաներէն մէկը՝ Ռուսաստանի հետ գործողութիւններու կառավարումն է: ՆԱԹՕ-ի համար Ռուսաստանի հետ  երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է»:

ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ ՆԱԹՕ-ն այս պահին կը բարեփոխուի, որպէսզի աւելի լաւ պայքարի այսօրուան սպառնալիքներուն դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment