Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զիպիլիքս»-ի Գործով 11 Մեղադրեալներու Նկատմամբ Տուգանքներ Սահմանուեցան

«Զիպիլիքս»-ի Գործով 11 Մեղադրեալներու Նկատմամբ Տուգանքներ Սահմանուեցան

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է «Զիպիլիքս»-ի գործով դատավճիռը։

11 մեղադրեալներէն Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի Կոմիտասի 56 հասցէի վրայ տեղակայուած նախընտրական շտապի պետ, հանրապետական Հրայր Անտոնեանին եւ «ՍԱՍ» հանրախանութներու ցանցի տնօրէն Ստեփան Սահակեանին նկատմամբ դատարանը սահմանած է տուգանք՝ 2 միլիոն 500 հազարական դրամի չափով։ Մինչդեռ մեղադրող դատախազ Հայկ Պետրոսեանը միջնորդած էր 3-ական տարուան ազատազրկման դատապարտել Հրայր Անտոնեանը եւ Ստեփան Սահակեանը:

Գործով անցնող միւս 9 ամբաստանեալները՝ Արմէն Ազոյեանը, Երուանդ Բեգլարեանը, Աշոտ Գէորգեանը, Յովհաննէս Գալստեանը, Մինաս Շահինեանը, Ալեքսան Խաչատրեանը, Տարօն Սարգսեանը եւ Սեյրան Յակոբեանը տուգանուած են 2 միլիոն 300 հազարական դրամով, իսկ Հեղինէ Փոգրարեանը՝ 2 միլիոն 250 հազար դրամով։

2017 թուականի 14 Մայիսին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզչութեան վերջին օրը «Ելք» դաշինքը իրաւապահներուն «յանցագործութեան մասին հաղորդում» ներկայացուցած էր՝ անոր կցելով հանրապետական Տարօն Մարգարեանի նախընտրական շտապի մօտ տեղադրուած աղբամաններէն յայտնաբերուած գայթակղային  փաստաթուղթեր, որոնք, ընդդիմադիր դաշինքի պնդմամբ, կը վկայէին, որ այն ժամանակ իշխող Հանրապետականի կողմէն ընտրակաշառքի բաժանումը կրած է համակարգուած եւ կեդրոնացուած բնոյթ:

Հրայր Անտոնեանին ու Ստեփան Սահակեանին մեղադրանք առաջադրուած էր այն բանի համար, որ անոնք Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւններու նախընտրական փուլին՝ նախնական համաձայնութեամբ, իրենց համախոհներու օժանդակութեամբ, ընտրողներուն տուած են կաշառք` Հանրապետական կուսակցութեան օգտին քուէարկելու համար:

Քրէական գործը դեռ 2017 թուականի Յուլիսին կարճուած էր՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով: «Ելք»-ը բողոքարկած էր Յատուկ քննչական ծառայութեան որոշումը, եւ 2018-ի Յունիսի սկզբը գործը վերաբացուած էր։

Գործով անցնող բոլոր ամբաստանեալները ընդունած են իրենց առաջադրուած մեղադրանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment