Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանը Հարցաքննուած է «Մարտի 1»-ի Գործի Շրջագիծէն Ներս

Սերժ Սարգսեանը Հարցաքննուած է «Մարտի 1»-ի Գործի Շրջագիծէն Ներս

by MassisPost

Ըստ «Հայկական ժամանակ»-ի եւ «Հետք»-ի հրապարակումներուն, Սերժ Սարգսեանը վկայի կարգավիճակով հարցաքննուած է «Մարտի 1»-ի գործի շրջագիծէն ներս: Հարցաքննութիւնը տեղի ունեցած է 1 Փետրուարին, տեւած է շուրջ 6 ժամ, չէ աւարտած եւ դեռ պէտք է շարունակուի:

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հրաժարած է մեկնաբանելէ այս տեղեկութիւնը, սակայն մինչ այս պահը տարածուած լուրը ՅՔԾ-ի կողմէ չի հերքուած։

Սերժ Սարգսեանը 2008 թուականի Մարտին դեռ Հայաստանի վարչապետն էր, եւ Փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներով ընտրուած էր Հայաստանի նախագահ: Ընդդիմութիւնը վիճարկած էր ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները եւ շուրջօրեայ հանրահաւաքներով իշխանափոխութիւն պահանջած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment