Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Իրանի Հետ Կապ Ունեցող Հայաստանեան Ընկերութեան մը Նկատմամբ

Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Իրանի Հետ Կապ Ունեցող Հայաստանեան Ընկերութեան մը Նկատմամբ

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տնտեսական նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Երեւանի մէջ տեղակայուած Flight Travel LLC ընկերութեան նկատմամբ, որ ընդհանուր վաճառքի գործակալի կարգավիճակով ծառայութիւններ կը մատուցէ արդէն պատժամիջոցներու ցանկին մէջ գտնուող իրանական մէկ այլ ընկերութեան՝ Mahan Air-ին:

Ըստ ամերիկեան կողմի, Flight Travel LLC ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ Mahan Air-ի շահերը եւ կը գործէ այդ ընկերութեան անունով:

Բացի այդ, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նախարարութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է Իրանի աջակցութեամբ Սուրիոյ մէջ մարտնչող օտարերկրացիներէ կազմուած երկու խմբաւորումներու եւ իրանական մէկ այլ օդանաւայի ընկերութեան՝ Qeshm Fars Air-ի նկատմամբ:

Տնտեսութեան նախարարութեան փոխանցմամբ, պատժամիջոցներու ենթարկուած բոլոր չորս նոր միաւորները կապ ունին Իրանի «Յեղափոխականներու  պահակախումբի» մաս կազմող «Ալ Քուտս»  անունով  յատուկ ռազմաքաղաքական ստորաբաժանման հետ համագործակցող Mahan Air օդանաւային ընկերութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment