Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չաւուշօղլուն Վերահաստատած է Հայաստանի Հետ Յարաբերելու Թուրքիոյ Նախապայմանը

Չաւուշօղլուն Վերահաստատած է Հայաստանի Հետ Յարաբերելու Թուրքիոյ Նախապայմանը

by MassisPost

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլյութ Չաւուշօղլուն լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային։ Այս մասին յայտնած է «Ռուսարմինֆօ»-ն։

«Հայաստանի նոր ղեկավարները կը յայտարարեն, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու առանց նախապայմաններու, բայց մենք յստակ նախապայման ունինք։ Ատրպէյճանի զգայունութիւնը առանց հաշուի առնելու միթէ՞ որեւէ քայլ կ’ընենք:»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է նաեւ, որ Ղարաբաղեան հարցի հետ կապուած՝ Թուրքիան պիտի սատարէ այն որոշման, որ ընդունելի է Ատրպէյճանի համար։

Յիշեցնենք, որ  Al-Jazeera հեռուստաընկերութեան յայտնի Talk to Al Jazeera ծրագրին տուած հարցազրոյցին մէջ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment