Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկրաշարժէն 30 Տարի Անց Աղէտի Գօտի Հասկացութիւնը Վերացած չէ. Նիկոլ Փաշինեան

Երկրաշարժէն 30 Տարի Անց Աղէտի Գօտի Հասկացութիւնը Վերացած չէ. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Երկրաշարժէն 30 տարի անց աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացած չէ, Գիւմրիի մէջ՝ երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ, պաշտօնական միջոցառման ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան։

«Իհարկէ մինչեւ հիմա աղէտի գօտի ըսելով մենք առաջին հերթին կը հասկնանք մարդոց բնակարանային կարիքները, դպրոցներու, մանկապարտէզներու շինարարութիւնը եւ բացումը, բայց այնուամենայնիւ պէտք է արձանագրենք, որ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուեցաւ Հայաստանի արդիւնաբերութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող հսկայական տնտեսական բաժին մը, եւ երբ կ’ըսենք՝ աղէտի գօտիի վերականգնում, պէտք է հասկնանք ոչ միայն մարդոց բնակարանային կարիքներու վերականգնումը, ոչ միայն դպրոցներու ու մանկապարտէզներու, հանրային նշանակութեան այլ տեղերու վերականգնումը, այլեւ վերականգնումը այն ողջ տնտեսական հզօրութեան, այն ողջ տնտեսական միջոցներու, որոնք գոյութիւն ունեցած են Գիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի եւ ընդհանրապէս աղէտի գօտիի ողջ տարածքին մէջ», – ըսած է Փաշինեան։

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է՝ թէեւ երկրաշարժէն շատ չանցած սկսան աղէտի գօտիի վերականգնման աշխատանքները, բայց միշտ չէ, որ շէնքերուն զուգընթաց կը վերականգնուէին մարդոց յոյսը, վստահութիւնը, լաւատեսութիւնը։

«Աղէտի պատճառած ամենամեծ վնասը թերեւս մարդոց հոգիներու մէջ տեղի ունեցած աւերածութիւններն էին։ Երբ կ’ըսենք աղէտի գօտի, առաջինը սա պէտք է նկատի ունենանք, թէ ինչքանով վերականգնուած է մարդոց վստահութիւնը սեփական ուժերու նկատմամբ, ինչքանով վերականգնուած է լաւատեսութիւնը վաղուայ օրուան նկատմամբ, ինչքանով վերականգնուած է  յոյսը, որ զոհուածներու կիսատ թողած գործերը եւ երազանքները կը դառնան իրականութիւն։ Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը առաւել կարեւոր եւ անհրաժեշտ է։ Ես յոյս ունիմ եւ համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները առաջին հերթին կը ծառայեն եւ պիտի ծառայեն այս նպատակին՝ մարդոց յոյսը, վստահութիւնը, լաւատեսութիւնը վերականգնելուն։ Ես համոզուած եմ, որ մենք թեւակոխած ենք փուլ մը, ուր ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն ամիս, ամէն շաբաթ պէտք է լրջօրէն վերակառուցենք մարդոց հաւատը եւ վստահութիւնը սեփական ապագայի, սեփական երկրի ապագայի եւ իրենց երեխաներու ապագայի նկատմամբ, որ անոնք պէտք է կապեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ»,- ըսած է Փաշինեան։

7 դեկտեմբեր 1988 թուականին ժամը 11:41-ին, 9 Ռիխթր ուժգնութեամբ ստորգետնեայ ցնցումները մեծ աւերածութիւններ պատճառեցին Հայաստանի հիւսիսային հատուածի մէջ՝ Սպիտակ, Լենինական (այժմ՝ Գիւմրի), Կիրովական (այժմ՝ Վանաձոր), Ստեփանաւան քաղաքներու, բազմաթիւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Երկրաշարժը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, խլեց 25 հազար կեանք, հարիւր հազարաւոր մարդիկ մնացին անօթեւան: Ուղղակի նիւթական կորուստները կը գնահատուին շուրջ 10 միլիառ տոլար։ Եւ մինչ օրս կան բազում չլուծուած հարցեր․ աղէտի գօտին դեռ ամբողջովին չէ վերականգնուած, հազարաւոր մարդիկ դեռ տնակներու մէջ կ’ապրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment