Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ ՀԱՊԿ-ը Չափազանց Կարեւոր Կազմակերպութիւն է Հայաստանի Համար

Փաշինեան․ ՀԱՊԿ-ը Չափազանց Կարեւոր Կազմակերպութիւն է Հայաստանի Համար

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) չափազանց կարեւոր կազմակերպութիւն է Հայաստանի համար, քանի որ կը վերաբերի անվտանգութեան, եւ Հայաստանի համար կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչ պարտաւորութիւններ կան Հայաստանի եւ Հայաստանի տե եուրէ (օրինականապէս) դաշնակիցներու միջեւ, ինչ պարտականութիւններ ունի Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ եւ ինչ պարտականութիւններ ունի կազմակերպութիւնը Հայաստանի հանդէպ։ Ասոնք հարցեր են, որ յստակեցման կարիք ունին, «Ռոսիա 24»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Օրինակ, նշած է Փաշինեանը, պէտք է հասկնալ, թէ ինչ դիրքորոշում ունին ՀԱՊԿ անդամ որոշ երկիրներ Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ, ինչու Հայաստանի տե եուրէ  (օրինականապէս) դաշնակիցները տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ կը քուէարկեն ոչ յօգուտ Հայաստանի․ Հայաստանը, օրինակ, նման բան չ’ընէր։

«Իհարկէ, մեզ համար ռազմաթեխնիկական, ռազմավարական առումներով մեր ամենակարեւոր դաշնակիցը ՀԱՊԿ-ում Ռուսաստանի Դաշնութիւնն է, սակայն մենք ուզում ենք յստակեցնել նաեւ միմեանց հանդէպ պարտաւորութիւնները կազմակերպութեան միւս անդամների հետ, յստակեցնել նրանց դիրքորոշումը Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերում», – ընդգծած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

Հարցազրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցին եւ մէկ անգամ եւս ընդգծած է․ – «ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի անձի կամ թեկնածուի հարցը ամենակարեւոր հարցը չէ, նոյնիսկ շատ կարեւոր հարց չէ: Կարեւոր է հասկանալ այս կազմակերպութեան էութիւնը: ՀԱՊԿ-ում մեր հիմնական նպատակն է բարձրացնել այդ կազմակերպութեան հեղինակութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ռազմական եւ ռազմավարական առումներով»:

Հարցազրոյցի մեծ մասը նուիրուած էր Եւրասիական միութեան եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն: Հերթական անգամ Հայաստանի ղեկավարը ռուսական հեռուստաընկերութեան կրկնած է, որ իր խումբը շահագրգռուած է զարգացնել ռազմավարական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, հետաքրքրուած է աւելի արդիւնաւէտ դարձնել Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի մէջ։

Հայաստանի համար կարեւոր են յարաբերութիւնները Եւրամիութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ, չափազանց կարեւոր են յարաբերութիւնները անմիջական հարեւաններ Վրաստանի եւ Իրանի հետ, շատ կարեւոր են յարաբերութիւնները Չինաստանի եւ Հնդկաստանի հետ, սակայն, «իհարկէ, առաջնայինը Հայաստանի համար յարաբերութիւններն են Ռուսաստանի հետ», յայտարարած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment