Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դաւիթ Շահնազարեանը Հրաւիրուած է ԱԱԾ, Սակայն Չէ Ներկայացած

Դաւիթ Շահնազարեանը Հրաւիրուած է ԱԱԾ, Սակայն Չէ Ներկայացած

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ղեկավար, Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով պատգամաւորութեան թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Շահնազարեանը հրաւիրուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ):

Ըստ ԱԱԾ-ի, Շահնազարեանը մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին ըրած է յայտարարութիւններ, որոնց մէջ առկայ են պետական դաւաճանութեան յանցակազմի հնարաւոր տարրեր, անոնք դիտուած են որպէս հաղորդում առանձնապէս ծանր յանցագործութեան մասին, հետեւաբար այդ յայտարարութիւնները կը քննարկուին ԱԱԾ սահմանադրական կարգի պահպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքէն ներս, եւ կը ստուգուին քրէական գործ յարուցելու առիթի օրինականութիւնը եւ հիմքերու բաւարար ըլլալը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշատակած է Դաւիթ Շահնազարեանի 27 նոյեմբերին եւ 4 դեկտեմբերին ասուլիսներու ժամանակ ըրած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղին:

«Այսօրուայ իշխանութիւնը Արցախի համար շատ աւելի մեծ վտանգ է, քան Ատրպէյճանը իր բոլոր զինուած ուժերով։ Այն, ինչ ասել է Սասուն Միքայէլեանը, իրականում դա քաղաքական ծրագիր է, որը իրականացնում է Նիկոլ Փաշինեանը, այսինքն՝ իշխանութիւն՝ Արցախի փոխարէն», – ըսած է Դաւիթ Շահնազարեանը։

Ըստ ԱԱԾ-ի, Շահնազարեանը ըսած է, որ իր պնդումներուն վերաբերեալ «ոչ բոլոր փաստերն է ներկայացրել, որոնք ապացուցում են ներկայիս գործող վարչախմբի հակաարցախեան քաղաքականութիւնը»:

Յղում ընելով այս յայտարարութիւններուն՝ ԱԱԾ-ն կը շեշտէ, թէ Շահնազարեանը կանչած են անոնց վերաբերեալ բացատրութիւն տալու եւ այն հիմնաւորող փաստաթուղթեր եւ այլ նիւթեր ներկայացնելու համար: Միաժամանակ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ’առաջարկէ բոլոր այն քաղաքացիներուն, որոնք ունին Շահնազարեանի կողմէ յայտնած վերոյիշեալ հնարաւոր հանգամանքներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն, ներկայանալ ԱԱԾ:

Այս յայտարարութենէն ետք Դաւիթ Շահնազարեանը ասուլիս հրաւիրած է՝ յայտարարելով, որ ԱԱԾ պիտի չներկայանայ, եւ եթէ կ’ուզեն, թող իրեն ձերբակալեն կամ կալանաւորեն:

Շահնազարեանը ըսած է, որ որոշում կայացուցած էր ներկայանալ ծառայութիւն, բայց քանի որ ԱԱԾ-ն նախքան այդ հանդէս եկած է պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, ինքը փոխած է որոշումը:

«Նման թղթեր ինձ չուղարկէք, որովհետեւ այլեւս չկայ Անվտանգութեան ծառայութեան նկատմամբ իմ նախկին վերաբերմունքը։ Կուղարկէք ծանուցագիր, կարող էք ձերբակալել, կամ կալանքի հրաման», – յայտարարած է Դաւիթ Շահնազարեանը՝ պնդելով․ – «Այո, սա քաղաքական հետապնդում է եւ ուղղուած ոչ միայն իմ դէմ։ Սա փորձ է՝ վախեցնել այն մարդկանց, եւ դրանց թիւը շատ մեծ է, որոնք պատրաստուում են քուէարկել Հանրապետական կուսակցութեան օգտին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment