Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ոչ Մի Չինովնիկ Իր Կերածը, Գողացածը Չի Մարսելու». Նիկոլ Փաշինեան

«Ոչ Մի Չինովնիկ Իր Կերածը, Գողացածը Չի Մարսելու». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսած է տնտեսութեան զարգացման իրենց ծրագիրներուն մասին: Բացի այդ ծրագիրերէն, խօսած է նաեւ ներքաղաքական հարցերու մասին, անդրադարձած է Հանրապետական պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու Ազգային ժողովի նիստի տապալման, եւ այն մեկնաբանութիւններուն, թէ Արամ Յարութիւնեանը այս օրերուն կալանաւորելու եւ անձեռնմխելիութենէ զրկելու իշխանութեան քայլը պայմանաւորուած է նախընտրական քարոզարշաւով: Այս մասին, յատկապէս, խօսած էր Դաշնակցական պատգամաւոր, Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեանը, այն որակելով որպէս նախընտրական քարոզչութեան շրջանակէն ներս բեմականացում:

Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ նախաքննութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի ու եթէ ապացոյց կը ձեռք կը բերուի, ապա պէտք է այն բնականոն հունով ընթացք ստանայ:

«Իմ քայլը» դաշինքի առաջնորդը խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու մասին: Ան ըսած է, որ նոր Հայաստանի մէջ «չինովնիկներ»ը եթէ համարձակին կաշառք վերցնել, ապա անոնք աւելի խիստ պիտի պատժուին քան նախկինները: Յայտարարեց, որ դատական համակարգի մէջ կաշառեալ դատաւորները շատ են եւ անոնք նոյնպէս, մէկ առ մէկ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին:

«Հայաստանի դատական համակարգում շատ մեծ թիւ են կազմում կոռումպացուած, թալանչի դատաւորները եւ այդ դատաւորներին էլ հատ-հատ բերելու ենք պատասխանատուութեան: Այնքան տարի ապօրինի մարդկանց լցրել են բանտերը, բա «Մարտի 1»-ի գործով Եւրադատարանն արդէն վճիռներ է սկսել կայացնել՝ տասնեակ գործերով, էդ դատաւորներին թուում է, թէ իրենք մարսելու են: Որեւէ մէկը Հայաստանի Հանրապետութիւնում՝ ներկայ կը լինի, նախկին կը լինի, ապագայ կը լինի, ոչ մի չինովնիկ իր կերածը չի մարսելու, իր լափածը, գողացածը չի մարսելու», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment