Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլի Մէջ Ձերբակալուած են Հայաստանէն Շրջանաւարտ Բժիշկներ՝ Կեղծ Վկայականներ Ունենալու Մեղադրանքով

Իսրայէլի Մէջ Ձերբակալուած են Հայաստանէն Շրջանաւարտ Բժիշկներ՝ Կեղծ Վկայականներ Ունենալու Մեղադրանքով

by MassisPost

Իսրայէլի մէջ ձերբակալուած են ազգութեամբ արաբ 40 բժիշկներ, ատամնաբոյժներ, դեղագործներ եւ զանազան բժշկական հաստատութիւններու մէջ աշխատող ու վերաորակաւորում անցնող մասնագէտներ, որոնք բժշկական կրթութիւն ստացած են հայաստանեան ոչ պետական բուհերու մէջ՝ «Հայբուսակ» համալսարանի, Սուրբ Թերէզայի անուան բժշկական համալսարանի եւ «Մխիթար Գօշ» հայ-ռուսական միջազգային համալսարանի մէջ:

Ոստիկանական գործողութիւնը, որ կը կրէր «Սպանութեան արտօնագիր» խորագիրը, մեկնարկած է դեռ մէկուկէս տարի առաջ։ Բոլոր բերման ենթարկուածները կը կասկածուին Հայաստանի վերոյիշեալ բուհերէն կեղծ վկայականներ ձեռք բերելու մէջ։ Շարք մը բժիշկներ նոյնիսկ անցած են Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութեան վերաորակաւորման եւ վկայականներու հաստատման քննութիւնները։ Հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

«Մինչ իւրաքանչիւր դիմումի ներկայացումը մենք դիմած ենք Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւն, որպէսզի ստուգուին ելքի ու մուտքի ժամկէտները, ու վկայականներու հետ միասին ներկայացուցած ենք առողջապահութեան նախարարութիւն», ֊ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է փաստաբան Հատաս Պրաւէն։ ֊ «Եթէ ստուգումներու ու հետաքննութեան հետեւանքով պարզուի, որ այդ ուսանողներուն մէկ մասը իրօք կեղծ վկայականներ ձեռք բերած է, ապա այս դէպքերը շատ վատ պիտի անդրադառնան այն բարեխիղճ ուսանողներուն վրայ, որոնք իրօք սորված ու ստացած են լիարժէք կրթութիւն Հայաստանի մէջ»։

Փաստաբանը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ երբ տարիներ առաջ Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը նման կասկածներ ունէր, ապա Հայաստանի բուհերուն հետ պէտք է կապ հաստատէր ու խնդիրները քննարկէր, այլ ոչ թէ մէկ բողոքի հիման վրայ տարիներ ետք մարդկանց ձերբակալէին ու հետաքննութիւն սկսէին:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի մամուլի պատասխանատու Շուշան Դանիէլեանն ալ «Ազատութեան» տրամադրած գրաւոր պատասխանին մէջ յայտարարած է, որ տարածուած տեղեկութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment