Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ական Հրայր Անտոնեանը Ընդունեց իր Դէմ Եղած Մեղադրանքը

ՀՀԿ-ական Հրայր Անտոնեանը Ընդունեց իր Դէմ Եղած Մեղադրանքը

by MassisPost

Երեւանի  քաղաքապետարանի վարչութեան նախկին պետ,  Արաբկիրի նախկին թաղապետ, ՀՀԿ-ական  Հրայր Անտոնեանը ընդունած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքը:  Ան կը մեղադրուի 2017-ի մայիսի 14-ին Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւններու նախընտրական փուլին  ընտրողներուն կաշառք տալու մէջ՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան օգտին քուէարկելու համար:

Դատաւոր  Տաթեւիկ Գրիգորեանը Անտոնեանէն հետաքրքրուած է՝ արդեօք կամաւոր ներկայացուցած է միջնորդութիւնը, թէ  ստիպած են: Հրայր Անտոնեանը պատասխանած է, որ այդ իր կամքն է, եւ որոշումը կայացնելէ առաջ խորհրդակցած է իր պաշտպանին հետ:

Մեղադրող Հայկ Պետրոսեանը ընթերցած է մեղադրական եզրակացութիւնը, ըստ որի՝  2017 թուականի մայիսի 14-ին նշանակուած Երեւանի աւագանիի հերթական ընտրութիւններուն ՀՀԿ-էն առաջադրուած է Հրայր Անտոնեանը,  որ միաժամանակ հանդիսացած է Երեւան քաղաքի Կոմիտասի պողոտայ 56 հասցէի վրայ տեղակայուած՝ ՀՀԿ-ի նախընտրական շտապի ղեկավարը: Նախընտրական շտապի աշխատանքներուն իրեն աջակցելու նպատակով ան դիմած է «ՍԱՍ Կրուփ» ՍՊ ընկերութեան պատկանող հանրախանութներու  ցանցի տնօրէն Ստեփան Սահակեանին:

Արաբկիր վարչական շրջանի ընտրողներէն ՀՀԿ-ի օգտին առաւելագոյն քուէներ ապահովելու նպատակով, ընտրողներուն մէկ քուէի համար որպէս կաշառք տուած է 10.000 ՀՀ դրամ: Ընտրողներուն նիւթապէս շահագրգռելու, ինչպէս նաեւ նախընտրական շտապի կողմէ ստեղծուած ենթաշտապերու ծախսերը հոգալու նպատակով  Հրայր Անտոնեանը ներդրած է 48 միլիոն 417 հազար  ՀՀ դրամին համարժէք 100.000 ԱՄՆ տոլար գումար, ինչպէս նաեւ նոյն նպատակներով օգտագործելու համար Ստեփան Սահակեանի կողմէ տրամադրուած 15 միլիոն  ՀՀ դրամ գումարը:

Ստեփան Սահակեանը եւս ընդունած է առաջադրուած մեղադրանքը եւ միջնորդած է արագացուած դատաքննութիւն իրականացնել: Այս գործով բացի Հրայր Անտոնեանէն եւ Ստեփան Սահակեանէն կ’անցնի 9 անձ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment