Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Պաշտօնական Այցը Գերմանիա

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Պաշտօնական Այցը Գերմանիա

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հրաւէրով պաշտօնական այցով Գերմանիա կը գտնուի: Չորեքշաբթի օր Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:

Ողջունելով Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցը Գերմանիա՝ Անկելա Մերքէլ ըսած է, որ շատ լաւ յիշողութիւններ ունի Հայաստան կատարած իր վերջին այցելութիւնէն։

Ան նշած է, որ յատկապէս տպաւորուած է «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կենտրոնով, եւ այս պահին գերմանական կողմը կը քննարկէ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

«Հայաստանը Գերմանիան կը դիտարկէ որպէս քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր գործընկեր ու բարեկամ երկիր»,- ըսած է նախագահ Սարգսեանը եւ նշած, որ ուրախ է կրկին հանդիպելու եւ շարունակելու հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ քննարկումները։ Անոր խօսքով՝ երկու երկրները կարող են յաջողութեամբ համագործակցիլ բարձր եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու ոլորտներուն, որտեղ Հայաստանն ունի մեծ ներուժ:

sarkisian-Steinmeier

27 Նոյեմբերին Արմէն Սարգսեանի եւ անոր տիկնոջ դիմաւորման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ նախագահներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Նախագահը Պերլինի մէջ մասնակցած է Միւնխենի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին, ուր քննարկուած են համաշխարհային անվտանգութեան, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, անոնց դիմակայելու հնարաւորութիւններու թեմաները:

sarkisian-berlin

Համաժողովի նախագահ Ուոլֆկանկ Իշինկերը ընդգծած է․ – «Հայաստանը փոքր երկիր է, սակայն եւրոպական շատ երկիրներ նոյնպէս փոքր են, եւ այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունի: Հայաստանը Եւրոպայի այս հատուածին մէջ խճանկարի մէկ մասն է եւ աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի է: Գնահատելի է այն փաստը, որ Հայաստանը այժմ աւելի շատ կ’արտայայտուի: Յոյս ունիմ, որ ներքաղաքական վիճակը այնպիսին կ’ըլլայ, որ Հայաստանը միջազգային քննարկումներու ժամանակ կը կարողանայ իր ձայնը բարձրացնել այն թեմաներու շուրջ, թէ ինչպէս լաւագոյնս յարաբերիլ Ռուսաստանի հետ, ինչպէս վերականգնել վստահութիւնը համաշխարհային խաղցողներու միջեւ՝ Եւրոպայի, ՆԱԹՕ-ի եւ միւսներու միջեւ, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ չեն։ Այս առուով Հայաստանը կրնայ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ: Ահա թէ ինչու սկսած են քննարկում Հայաստանի ղեկավարներու, այդ շարքին նախագահ Սարգսեանի հետ, այն մասին, թէ մենք ինչպէս կրնանք նպաստել, որ Հայաստանի ձայնը աւելի լսելի ըլլայ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին»:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը տիկնոջ հետ այցելած է նաեւ Գերմանական Կարմիր խաչի կազմակերպութեան Պերլինի կենտրոնակայան։ Կարմիր խաչը Հայաստանի մէջ սկսած է աշխատիլ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք:

Արմէն Սարգսեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է կազմակերպութեան հայ ժողովուրդի համար այդ ծանր փուլին օգնութեան բարեկամական ձեռք մեկնելու համար. – «Մենք, որպէս հայեր, որոնք ապրում են Հայաստանում, եւ երեք կամ չորս անգամ աւելի հայեր, որ ապրում են աշխարհով մէկ՝ ներառեալ Գերմանիայի Դաշնութիւնում, երբեք չենք մոռանայ այն ջերմութիւնը, ուշադրութիւնը եւ այն մարդկային վերաբերմունքը, որ մեր բարեկամները աշխարհով մէկ եւ մանաւանդ այս գեղեցիկ երկրից, այս պատմական երկրից ցուցաբերեցին այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Հայաստան Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի հանդէպ»։

sarkisian-german red cross
Նախագահ Սարգսեանը այս միջոցառման ընթացքին նաեւ Հայաստանի պետական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնած է Գերմանիոյ Կարմիր խաչի շարք մը աշխատակիցներու։

Ձեռնարկի աւարտին, Գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթը Հայաստանի նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին յանձնած է Գիւմրիի «Պերլին» դարմանատան վերանորոգման աշխատանքներու համար նախատեսուած 10 հազար եուրօ գումարի նուիրատուութեան կտրօնը:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նուիրատուութեան համար եւ աւելցուցած, որ Գիւմրիի «Պերլին» դարմանատան վերանորոգման համար ճիշդ նոյն գումարի չափով նուիրատուութիւն պիտի ըլլայ նաեւ իր կողմէ՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու իսկական բարեկամութեան արտայայտութիւն եւ աւելի մեծ ծաւալի աշխատանքներ կատարելու հնարաւորութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment