Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մասնակցած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէի քննարկումներուն:
Փայլանը, քննադատելով մշակոյթի նախարարութեան ձեռնարկած շարք մը քայլերը եւ նախագիծերը, ըսած է. «Նախարարութիւնը ոչ մէկ տեսլական ունի Վանի նահանգին համար: Հաւատացէք Վանի օդակայանը տարողունակութեամբ կրնայ գերազանցնել Անթալիոյ եւ Դալամանի օդակայեանները: Վանի մէջ լուրջ քաղաքակրթութիւն կայ: Եթէ այնտեղ մասնագիտական նախագիծ իրականացուի, եթէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ համատեղ նախագիծ ըլլայ, Վանի օդակայանը Թուրքիոյ մէջ կրնայ ըլլալ ամենամեծը: Օրինակ՝ Վանի Էտրեմիթ (պատմ Արտամէտ) շրջանը դրախտի անկիւն է: Վանը յայտնի է 4 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ուրարտական թագաւորութեամբ: Վանի մէջ հայկական եկեղեցի կայ, այնտեղ է նաեւ Արշիլ Գորկիի գիւղը: Սակայն այստեղ քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ հայկական գերեզմանոցի վրայ լուացարան կը կառուցէ»,- ըսած է Փայլանը:
Ան յիշեցուցած է, որ հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած լուացարանը այդպէս ալ չէ կազմաքանդուած՝ թէեւ ժամանակին զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարը հրահանգած էր քանդել զայն: