Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիոյ Մէջ Բացայայտուած է Հայկական Մաֆիոզ Խմբաւորումներու Ցանց

Գերմանիոյ Մէջ Բացայայտուած է Հայկական Մաֆիոզ Խմբաւորումներու Ցանց

by MassisPost

Ըստ գերմանական հեղինակաւոր «Շփիկըլ» պարբերականի եւ Mitteldeutscher Rundfunk հանրային հեռուստառատիոընկերութեան համատեղ հետաքննութեան, Գերմանիոյ դաշնային ոստիկանութիւնը շուրջ երեք տարի հետաքննութիւն վարած է հայկական մաֆիայի անդամները ձերբակալելու ուղղութեամբ, կասկածներ ունեցած է նոյնիսկ երկրի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանի վերաբերեալ:

Ըստ այդ հրապարակումներուն, հայկական մաֆիոզ խումբերը բացայայտելու համար վերջին տարիներուն Գերմանիոյ ոստիկանութեան կողմէ յատուկ գործողութիւն մշակուած է:

Տարիներ շարունակուած քննութեան հետեւանքով իրաւապահները արձանագրած են, որ Գերմանիոյ մէջ հայկական մաֆիոզ խմբաւորումները խոր արմատներ դրած են ու հզօր ցանց ստեղծած, սակայն, կասկածեալները հնարաւոր չի եղած ձերբակալել՝ ապացոյցներու ու միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով:

Ըստ գերմանացի լրագրողներուն, հայկական յանցաւոր խումբերը իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած են 2014-էն՝ Թիւրինկիա երկրամասի մայրաքաղաքին մէջ Էրֆուրթում խաղատան մօտ հայկական երկու յանցաւոր խումբերու միջեւ տեղի ունեցած փոխհրաձգութենէն ետք:
Իրաւապահները յարուցած էին 14 քրէական գործ, աւելի քան չորս տասնեակ մարդու դէմ քննութիւն սկսած, այդ շարքին՝ փողերու լուացման մեղադրանքով: Քննութեան աւարտին կազմուած խիստ գաղտնի զեկոյցը, այդուամենայնիւ, արձանագրած է, թէ Գերմանիոյ մէջ իսկապէս կը գործէ հայկական մաֆիա, որ ռուս-եւրասիական տարածաշրջանի միւս յանցաւոր խումբերուն հետ միասին կը տիրապետէ էական նիւթական միջոցներու՝ սպառնալով երկրի մէջ օրէնքի գերակայութեան:

Ընդ որում, գերմանական հեղինակաւոր լրատուամիջոցները նշած են, որ ամիսներ առաջ՝ այս տարուան մարտին, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը հանդիպած է Թիւրինկիա երկրամասի ոստիկանապետին ու առաջարկած պաշտօնական Երեւանի աջակցութիւնը հայկական յանցաւոր խումբերը բացայայտելու հարցի վերաբերեալ: Գերմանիոյ դաշնային քրէական ոստիկանութիւնը, սակայն, գաղտնի շրջաբերականով գործընկերներուն խորհուրդ տուած է վերջինիս հետ չհամագործակցիլ:

«Դրա մասին խօսք անգամ չի կարող լինել՝ մաֆիոզ խմբաւորումներու եւ Հայաստանի իշխանութիւնների հնարաւոր սերտաճման պատճառով», – ըստ «Շփիկըլի», ըսուած է գաղտնի այդ փաստաթուղթին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան տեղեկացուցած է, թէ կապի մէջ է գերմանական պատկան մարմիններու հետ՝ մամուլի մէջ յայտնուած լուրերու արժանահաւատութիւնը ճշդելու համար:

«Հաշուի առնելով հարցի նրբութիւնը եւ հաւանական ազդեցութիւնը մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բնականոն աշխատանքին վրայ՝ ներկայիս նպատակայարմար չենք գտնում լրացուցիչ մեկնաբանութիւն տալ: Յաւելեալ տեղեկութիւն կը յայտնենք ըստ արդիւնքների», – նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment