Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան Քննարկած են Հայկական Երկու Հանրապետութիւններու Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան Քննարկած են Հայկական Երկու Հանրապետութիւններու Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Ստեփանակերտի մէջ նախ առանձնազրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, այնուհետեւ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Նիկոլ Փաշինեանը եւ Բակօ Սահակեանը կարեւորած են ներհայկական կապերու ամրապնդումը, տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի ու Արցախի փոխգործակցութեան խորացումը:

pashinian-sahakian-military

Ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ քննարկուած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական փոխգործակցութեան, սահմանագիծին տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

4 Նոյեմբերին Նիկոլ Փաշինեանն ու Բակօ Սահակեանը այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծի շարք մը հատուածներ՝ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ սահմանագիծին առկայ իրավիճակին: «Պէտք է արձանագրենք, որ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերը մինիմալ են, հիմնականում նպատակային չեն, եւ ըստ էութեան, ընդհանուր առմամբ կարող եմ ասել, որ պայմանաւորուածութիւնները ոչ ամբողջութեամբ պահպանուում են: Ամէն դէպքում պէտք է պատրաստ լինենք իրադարձութիւնների ցանկացած զարգացման: Խնդիրներ կան, որոնք թուում է, թէ լուծուած են, բայց մենք զինուորից պէտք է իմանանք՝ դրանք լուծուա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Եթէ խնդիրները բաց չքննարկենք, լուծումների հարցում կը դժուարանանք»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ Արցախի նախագահը զրուցած են զինծառայողներու հետ՝ լսած հրամանատարներու եւ շարքային կազմի կարծիքը տարբեր հարցերու շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ըլլայ նախ եւ առաջ զինուորներու յարմարաւէտութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment