Հայաստանում Եւրամիութեան դեսպան Փիոտր Սվիտալսկին «Ազատութեան» հայկական ծառայութեան ղեկավար Հրայր Թամրազեանի հարցին ի պատասխան ընդգծած է, որ Եվրամիութիւնը, Գերմանիան, Շուէտը եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը յայտարարած են Հայաստանին ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին:
«Այս շատ ուժեղ յայտարարութիւն է: Տեղեկացնեմ ձեզ, որ դէպի Հայաստան դրսից եկող աջակցութեան ողջ ծաւալը կլինի բացառապէս եւրոպական աջակցութիւն։ Չեն լինելու ոչ՛ ամերիկեան եւ ոչ ալ ճափոնական գումարներ: Ըստ էութեան, Հայաստանի կառավարութեան ներդրմամբ բոլոր կարիքները բաւարարուած են: Չափանիշները նոյնն են, ինչ 2017 թուականին`ընտրողների նոյնականացումն ու տեսախցիկները: Կան որոշ դժուարութիւններ, քանի որ ՄԱԿ-ի համար այս կարճ ժամանակահատուածը դժուարութիւն է ներկայացնում: Բայց նրանք մեզ ասում են, որ պատրաստ են դա անել: Կլինեն լրացուցիչ ծախսեր», – ըսած է Սվիտալսկին:
Սվիտալսկի նաեւ անդրադարձած է տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ Եւրամիութեան կողմէ նախատեսուած օժանդակութիւններուն յայտնելով, որ այդ առումով գործի պիտի դրուի երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու ռազմավարութիւնը։