Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Շիշլի Շրջանի Փողոցներէն Մէկը կը Կոչուի Հրանդ Տինքի Անունով

Պոլսոյ Շիշլի Շրջանի Փողոցներէն Մէկը կը Կոչուի Հրանդ Տինքի Անունով

by MassisPost

Պոլսոյ քաղաքապետարանի աւագանիի նիստին որոշուած է հաշուի առնել բնակչութենէն ստացած բողոքներն ու առաջարկները եւ վերանուանել Պոլսոյ շարք մը փողոցներ:

Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի պատուին փողոց մը անուանակոչուած է Պոլսոյ Շիշլի շրջանին մէջ: Մեշրութիյէթ թաղամասի ներկայ Սամանէոլու փողոցը այսուհետեւ պիտի կոչուի Հրանդ Տինքի փողոց:

Յիշեցնենք, որ Տինքը սպաննուած էր 2007-ին թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասդի կողմէ՝ «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց:

Նշենք, որ Պոլսոյ փողոցներէն մէկն ալ անուանակոչուած է թրքական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Եաշար Քեմալի պատուին: Քիւրտ Եաշար Քեմալը մեծցած է Վանի մէջ: Անոր ջանքերով էր, որ 1950-ականներուն կանխուեցաւ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ աւերումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment