Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Ներդրումային Համաժողովին Հայաստանը Պիտի Ներկայանայ Սեփական

Համաշխարհային Ներդրումային Համաժողովին Հայաստանը Պիտի Ներկայանայ Սեփական

by MassisPost

22-էն 26 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի (UNCTAD) երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող վեցերորդ «Համաշխարհային ներդրումային համաժողովը» (World Investment Forum 2018): Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առեւտրական ներկայացուցիչ Հայկ Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանը Համաժողովի «Ներդրումային աւան»ին մէջ պիտի ներկայանայ սեփական տաղաւարով: Յովհաննիսեանը Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնը պիտի ներկայացնէ նաեւ Արեւելեան Եւրոպային եւ Կեդրոնական Ասիային նուիրուած յատուկ նիստին:

Համաշխարհային ներդրումային համաժողովը ներդրումներու եւ կայուն զարգացման ոլորտին նուիրուած աշխարհի կարեւորագոյն եւ ամենաբազմամարդ համաժողովն է, բարձր մակարդակի հարթակ, ուր կը քննարկեն այս ոլորտի հիմնախնդիրները, կ’որոնեն հնարաւորութիւններ ու գործընկերներ: Նախորդ տարիներուն այս Համաժողովը հաւաքած է մինչեւ 160 պետութիւններու չորս հազարէ աւելի ներկայացուցիչներ, այդ շարքին տասնեակ նախագահներ, վարչապետեր, նախարարներ:

Հայկ Յովհաննիսեանը նշած է. «Առաւել կարեւոր է, որ մասնակիցներու շարքին են բազմաթիւ անդրազգային ընկերութիւններու, ներդրումային ֆոնտերու խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներ, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ չսահմանափակուիլ միջազգային տնտեսական քաղաքականութեան ու ներդրումներու վերաբերեալ տեսական քննարկումներով, այլ փնտռել ռէալ գործընկերներ, խօսիլ պիզնեսի ներկայացուցիչներու հետ, Հայաստանը ներկայացնել գործնական գետնի վրայ: Այս համաժողովի ուղենիշերէն է նաեւ ՄԱԿ-ի` «Կայուն զարգացման թիրախներ 2030» ծրագիրը, որու իրականացումը կ’ենթադրէ գալիք 12 տարուան ընթացքին 2.5 թրիլիոն տոլարի ներդրում զարգացող երկիրներուն: Ի դէպ, Համաժողովի շրջանակէն ներս կայանալիք  «Կլոպըլ լիտըրներու վեհաժողով»ին UNCTAD-ի կողմէ հրաւիրուած է նաեւ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Արեւելեան Եւրոպային եւ Կեդրոնական Ասիային նուիրուած նիստի օրը` 23 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի մէջ Պելառուսի մշտական ներկայացուցչութեան հետ նախաձեռնած ենք նաեւ Հայաստան-Պելառուս-Զուիցերիա եռակողմ գործարար երեկոյ: Հայաստանը եւ Պելառուսը, երկուքն ալ հանդիսանալով ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ, այս նոր ձեւաչափով առաւել մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն,կը ներկայացնեն մեր միասնական շուկայի գրաւչութիւնը»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment