Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց իր Հրաժարականը` Արտահերթ Ընտրութիւններուն Ընթացք Տալու Նպատակով

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց իր Հրաժարականը` Արտահերթ Ընտրութիւններուն Ընթացք Տալու Նպատակով

by MassisPost

Հոկտեմբեր 16-ի երեկոյեան, հեռատեսիլ միջոցաւ իր ունեցած պաշտօնական ելոյթի ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց իր հրաժարականի մասին:

«Ես այսօր հրաժարական եմ տալիս ՀՀ վարչապետի պաշտօնից: Այս հրաժարականի նպատակը, սակայն, վարչապետի պաշտօնից հեռանալը, այսինքն՝ ձեր առաջ ստանձնած պատասխանատուութիւնից փախչելը չէ, այլ ընդհակառակը՝ մեր միասին իրականացրած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնն աւարտին հասցնելը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու եւ ողջ իշխանութիւնը ժողովրդին վերադարձնելու միջոցով»,- յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը ուղիղ եթերի ժամանակ:

Ապա ան բացատրեց հրաժարականէն ետք արտահերթ ընտրութիւններու հասնելու քայլերը՝ Ազգային ժողովի կողմէն վարչապետ չընտրուելու ու խորհրդարանի լուծարման միջոցով: Փաշինեան նշեց, որ ինքը պիտի շարունակէ կատարել վարչապետի լիազօրութիւնները:

«Ու եթէ Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններում վստահութեան քուէ տաք մեր քաղաքական ուժին, ես կը վերընտրուեմ ՀՀ վարչապետի պաշտօնում», – ըսաւ Փաշինեան:

Ան նաեւ նշեց, որ մտադիր չէ քննարկել այնպիսի սենար, որով խորհրդարանական ուժերը որեւէ այլ թեկնածու կ’առաջադրեն, որովհետեւ չի կարծեր, թէ անոնք ժողովուրդի եւ անվտանգութեան դէմ գործելու նպատակ ունին: Փաշինեանի խօսքերով՝ ատոնք կարմիր գիծ են նաեւ խորհրդարանական ուժերուն համար, եւ անոնք արդէն յայտնած են, որ պիտի չառաջադրեն եւ պիտի չընտրեն որեւէ վարչապետ:

Վարչապետի հրաժարականի ելոյթէն ետք յայտարարուեցաւ որ, նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Կառավարութեան հրաժարականը՝ հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածը:

Նախքան իր հրաժարականի ելոյթը, Փաշինեան հանդիպում ունեցած էր «Ելք» դաշինքի պատգամաւորներուն հետ, որոնց տեղեկացուցած էր իր յառաջիկայ քայլերու մասին: Վարչապետը նաեւ չէ բացառած, որ ինք դարձեալ թեկնածու առաջադրուի, սակայն չընտրուելու պայմանով, որպէսզի կարելի ըլլայ լրացնել օրէնքը կարգ մը պահանջները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment