Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Բացայայտած է Մաքսային Պետական Կոմիտէի Նախկին Նախագահի Ընտանիքին Պատկանող Հիւրանոցներու Կառուցման Ֆինանսաւորման Աղբիւրները

ԱԱԾ-ն Բացայայտած է Մաքսային Պետական Կոմիտէի Նախկին Նախագահի Ընտանիքին Պատկանող Հիւրանոցներու Կառուցման Ֆինանսաւորման Աղբիւրները

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, որ ԱԱԾ քննչական վարչութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ Մաքսային պետական կոմիտէի նախկին նախագահ Արմէն Աւետիսեանի կողմէ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով գումարները օրինականացնելու (փողերու լուացում) դէպքի առթիւ` նախատեսուած Քրէական օրէնսգիրքի 310-րդ յօդուածով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով:

ԱԱԾ-ն նշած է, որ ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով ստացուած նախնական տուեալներուն համաձայն, Արմէն Աւետիսեանը, 2001 թուականէն զբաղեցնելով Մաքսային պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնը, իր հետ գործնական կապերու մէջ գտնուած անձանց հետ համատեղ ձեռնարկած եւ հիմնական կանխիկ գումարներով ֆինանսաւորած է Երեւանի Ազատութեան պողոտայի մէջ գտնուող «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցային համալիրի կառուցումը: Իր եւ միւսներու մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրը քօղարկելու նպատակով հիւրանոցի կառուցումը վերագրուած է Կիպրոսի «օֆշորային» գօտիին մէջ հիմնադրուած «Ռիվըրհիլ Հոլտինկս» ՍՊ ընկերութեան` հանրութեան այդ կերպ մոլորեցնելով, թէ հիւրանոցի կառուցման համար ծախսուած միլիոնաւոր ԱՄՆ տոլարները իբր Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրում են:

«Արմէն Աւետիսեանը անձամբ վերահսկելով շինարարական աշխատանքների ընթացքը, իր պաշտօնական դիրքն օգտագործելով, առանձին դէպքերում նաեւ նպաստել է հիւրանոցի կառուցման ընթացքում ծագած տարաբնոյթ խնդիրների լուծմանը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԱԱԾ-ն նշած է, որ «օտարերկրեայ ներդրումներով հիւրանոցը կառուցուած լինելու փաստարկն աւելի համոզիչ դարձնելու համար 2005 թուականին հիւրանոցի բացման արարողութեան ժամանակ հանրութեանը, որպէս օտարերկրեայ ներդրող ներկայացուել է իրականում այդ ընկերութեան գործունէութեան հետ որեւէ կապ չունեցող Լիբանանի քաղաքացու, ով որոշ ժամանակ նոյն հիւրանոցում աշխատել է ընդամէնը որպէս տնօրէն»:

«Այնուհետեւ, ընդլայնելով հիւրանոցային պիզնեսը` նոյն կազմակերպութեան անունից 2010-2012 թթ. Ծաղկաձորում կառուցուել է «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցը: 2012 թուականին վերը նշուած երկու հիւրանոցներու սեփականատէր դարձած է Անգլիոյ Տուկլաս քաղաքի մէջ հիմնադրուած «Կոլտըն կրուփ լիմիթըտ» ՓԲԸ-ն, որուն 100 տոկոս բաժնետէր հանդիսացած է Արմէն Աւետիսեանի որդին՝ Արտաշէս Աւետիսեանը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ ԱԱԾ-ի, հետագային` 2018 թուականին, Արմէն Աւետիսեանի եւ անոր որդիին կողմէն Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ հիմնադրուած է երրորդ` «Կոլտըն փալաս պութիք» հիւրանոցը:

Ի դէպ, վերոնշեալ երեք հիւրանոցներու շուկայական ընդհանուր արժէքը, ըստ ԱԱԾ-ի, 2016 թուականին գնահատուած է շուրջ 90 միլիոն ԱՄՆ տոլար:

«Կատարուում է նախաքննութիւն: Քրէական գործի շրջանակներում իրականացուում են լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներ եւ անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ` հիւրանոցների կառուցման համար ներդրուած միլիոնաւոր տոլարների ծագման իրական աղբիւրը, փաստացի ներդրողներին եւ հնարաւոր միւս սեփականատէրերին պարզելու ուղղութեամբ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment