Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ի Կազմաքանդումը

ՀՀԿ-ի Կազմաքանդումը

by MassisPost

Ուշացումով, սակայն այս շաբաթ սկսաւ նախկին իշխող՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կազմաքանդումը: Վերջին օրերուն այդ կուսակցութենէն դուրս եկան մօտ երկու տասնեակ պատգամաւորներ, որոնք գրաւոր յայտարարեցին որ, կը միանան Դեկտեմբեր ամսուն խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին: Այժմ արդէն ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ձայները բաւարար չեն վարչապետի իրենց սեփական թեկնածուն առաջադրելու համար:

Ուշացումով ըսինք, քանի որ շատեր կը խորհէին, որ յեղափոխութեան յաղթանակէն ու իշխանութեան կորուստէն ետք, այդ կուսակցութեան շարքերէն ներս տեղի պիտի ունենայ «առնէտավազք», ինչպէս որ կր պատահէր անցեալին: Բազմաթիւ պատճառներով այդ տեղի չունեցաւ: Նախ չկար այլ քաղաքական ուժ, որ պատրաստ էր ընդունելու ՀՀԿ-էն հեռացողները: Երկրորդը՝ Սերժ Սարգսեան կը համոզէր իր կուսակիցներուն, որ եթէ մնան համախմբուած, յեղափոխական ալիքը շուտով կը վերանայ եւ իրենք դարձեալ կը վերադառնան իշխանութեան: ՀՀԿ-ի շարքերէն ներս կային շատեր, որ մինչեւ վերջերս հաւատացած էին, որ նման բան կրնայ եւ պատահիլ: Սակայն, անցեալ շաբթուայ իրադարձութիւնները, երբ մի քանի ժամուայ մէջ տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ՝ ընդառաջելով Փաշինեանի կոչին համախմբուեցաւ Ազգային Ժողովի դռներուն առջեւ, ապա, Գագիկ Ծառուկեան «մեղայականով» ներկայացաւ ժողովուրդին, այլեւս յստակ էր որ վերադարձի ճամբաները լրիւ փակուած են ՀՀԿ-ի առջեւ:

Երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան «պալատական յեղաշրջումով» հեռացաւ իշխանութենէն, իր հետ հեռացան նաեւ իր բոլոր կողմնակիցները: Տասը տարուայ լռութենէ ետք միայն, ժողովրդային պահանջով առաջին նախագահը դարձեալ վերադարձաւ քաղաքական ասպարէզ:

Ժամանակն է, որ Սերժ Սարգսեան եւ իր կուսակիցները հետեւին Տէր-Պետրոսեանի օրինակին ու հեռանան թատերաբեմէն: Եթէ նոյնիսկ, յաջորդող ամիսներուն եւ կամ տարիներուն դժգոհութիւն յառաջանայ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան նկատմամբ, Հայաստանի ժողովուրդը երբեք ու երբեք պիտի չմտածէ դարձեալ ՀՀԿ-ն իշխանութեան բերելու մասին, քանզի ոչ թէ դժգոհութիւն կայ այդ կուսակցութեան նկատմամբ, այլ անցնող քսանամեակի ընթացքին կուտակուած համատարած ատելութիւն, որմէ ձերբազատուելու համար ՀՀԿ-ն պէտք ունի շատ երկար տարիներու:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment