Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծառուկեան Դաշինքը եւ 16 Հանրապետականներ Միացան Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններ Կայացնելու Փաշինեանի Առաջարկին

Ծառուկեան Դաշինքը եւ 16 Հանրապետականներ Միացան Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններ Կայացնելու Փաշինեանի Առաջարկին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Ծառուկեան Դաշինքի» ղեկավարի Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ օր մը առաջ կնքուած յուշագիրէն ետք, 16 հանրապետականեր եւս միացան  Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւներ կայացնելու Փաշինեանի առաջարկին:

Հանրապետական խմբակցութեան եւս երկու պատգամաւոր՝ Աւետ Սարգսեանը եւ Ռաֆիկ Գրիգորեանը միացած են խորհրդարանին մէջ ընթացող ստորագրահաւաքին՝ ի պաշտպանութիւն Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու վարչապետի նախաձեռնութեան: Այսպիսով ստորագրահաւաքին մասնակցած պատգամաւորներուն թիւը հասած է 16-ի:

«Վարչապետի պաշտօնից Փաշինեանի հրաժարականից յետոյ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները նոր վարչապետ չպէտք է ընտրուի եւ գործող խորհրդարանը պէտք է լուծարուի», – ըսուած է ստորագրահաւաք յայտարարութեան մէջ:

Օր մը առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Դեկտեմբերին կայացնելու  մասին յուշագիր ստորագրած էին: Ծառուկեանը յայտարարած էր, որ ամբողջութեամբ կը սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին:

Վարչապետի եւ Ծառուկեանի հանդիպման ժամանակ քննարկած են հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները, այդ շարքին՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեանին սատարելու  մասին յայտարարած էր նաեւ Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը:

sarkissian-pashinyan

Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեաի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններովª հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ զարգացումներուն, ներառեալ՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր:

«Համաձայնած էինք մեր հեռախօսազրոյցներու, նաեւ Փարիզի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ, որ պէտք է հանդիպինք: Հանդիպած եմ արդէն նաեւ պարոն Բաբլոյեանի հետ եւ պիտի ուզէի քննարկել ներքաղաքական իրավիճակը»,- ըսած էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Իսկապէս շատ կարեւոր է, որ այս իրավիճակը քննարկենք նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ: Ըստ էութեան, հիմա կրնամ ըսել, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ քանի մը իրադարձութիւն, որոնք կարծես կը տանին դէպի հանգուցալուծում: Մասնաւորապէս, երէկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ յուշագիր ստորագրեցինք՝ Դեկտեմբերին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ, եւ եւս 16 պատգամաւոր գրաւոր յայտարարութեամբ պաշտպանած են այդ նախաձեռնութիւնը: Կը կարծեմ, որ, ըստ էութեան, կ՛ընթանանք  լարուածութիւնը թօթափելու ճանապարհով, որ դրական է»,- ըսած է  Նիկոլ Փաշինեան.

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նաեւ նշած է, «Ես նոյնպէս շատ ուրախ եմ, որ սկզբունքօրէն, ինչպէս նախապէս նշած էի, ընթացքը տեղի ունենայ երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ: Ուրախ եմ լսելու, որ վերջին 1-2 օրուան ընթացքին բանակցութիւններու, երկխօսութեան ճանապարհով որոշ արդիւնք ձեռք բերուած է, եւ որ հաւանաբար հանգուցալուծումը հեռու չէ: Շատ կարեւոր է, որ այդ հանգուցալուծումը տեղի ունենայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment