Մահացած է Արցախեան պատերազմի մասնակից-ազատամարտիկ, «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութեան եւ «Սասնա Ծռեր» խմբաւորման անդամ Արայիկ Խանդոեան՝ Միայնակ Գայլը: Այս մասին այսօր՝ Հոկտեմբերի 10-ին յայտնած է «Սասնա ծռեր» խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեանը:
2016-ի 17 Յուլիսի առաւօտեան «Սասնա Ծռեր» խմբաւորման հետ ան մասնակցած է ՊՊԾ գնդի գրաւմանը՝ զինեալ խումբի անդամներուն հետ պահանջելով ՀՀ իշխանութիւններու եւ յատկապէս ՀՀ նախագահի պաշտօնը զբաղեցնող Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը , ՀՀ-ի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, Արցախի Հանրապետութեան ամբողջականութեան պահպանումը։ Խումբի անդամներու հետ բանտարկուելէ ետք ան երկու տարի բանտին մէջ մնալէ յետոյ 17 Օգոստոս 2018-ին ազատ արձակուած է:
Արայիկ Խանդոեանը ունէր 5 երեխայ: