Home ԳՐԱԿԱՆ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 38րդ Հատորին Շնորհանդէսը

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 38րդ Հատորին Շնորհանդէսը

by MassisPost

ՀՈՒՐԻ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Աւելի քան քառորդ դարու ամէնամեայ աւանդութեան վերածուած, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի անխափան լոյս ընծայումը աներկբայ վկայութիւնն է Հայկազեան Համալսարանի ունեցած դերին եւ յանձնառութեան՝ հայ դպրութեան սատարելու ընդհանուր ճիգերուն:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին 38րդ հատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 Հոկտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան եւ համայնքի հետ կապերու կցորդ Դոկտ. Վլադիմիր Պօղոսեան, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալէեմէզեանի ներկայացուցիչ Տէր Մկրտիչ քահանայ Քէշիշեան, Սուրիոյ հայաաւետարանական համայնաքպետ Վեր. Յ. Սելիմեան, Հեթում Վրդ. Տաղլեան, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ համացանցի լրատուական սպասարկութեան պատասխանատու խմբագիրներ, կրթական ու մամլոյ մշակներ եւ բարեկամներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հանդէսի խմբագիր, Հայ Աւետ. Գոլէճի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Բարիգալուստի խօսքերէն ետք, ան արժեւորեց երջանկայիշատակ Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանի 27 տարիներու ծառայութիւնը Հանդէսին՝ իբրեւ խմբագրապետ։ Իւրնէշլեան ընդգծեց, որ «Տարի մը անցաւ արդէն, եւ աշխատանքները չկաղացին, Հանդէսին որակը չտուժեց, կազմը համերաշխ գործեց: Կը նշանակէ, որ վարդապետը իսկապէ՛ս կրցած էր ոչ միայն գլխաւորել, այլեւ՝ ձեւաւորել աշխատանքային կազմ մը, որ առանց իրեն, բայց ի՛ր սկզբունքներով շարունակեց աշխատանքը. փաստը՝ այս հատորը»: Ապա ան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը, նշելով որ ան կը բաղկանայ 40 յօդուածներէ, հրապարակումներէ, քննարկումներէ ու հաղորդումներէ, մանրամասնելով թէ քանի յօդուած կ’անդրադառնար հայագիտութեան իւրաքանչիւր բնագաւառի: Անդրադառնալով հեղինակներուն, Դոկտ. Իւրնէշլեան մատնանշեց, որ ի հեճուկս հայագիտութեան հանդէպ առկայ պարտուողական կարծիքներու, Հանդէսին 38րդ այս հատորին մէջ 40էն նուազ տարիքի հեղինակներուն թիւը կը կազմէ 13: Հուսկ, ան եզրափակեց իր խօսքը հաւաստելով, թէ՝ «հակառակ մեզ շրջապատող զանազան ժխտական երեւոյթներու եւ յուսահատութեան մղող ազդակներու, Հանդէսը պիտի շարունակէ իր երթը նոյն յանձնառութեամբ, շնորհիւ համալսարանի ղեկավարութեան նեցուկին ու օժանդակութեան»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան շեշտեց, թէ «հայ իրականութեան եռեւեփող առօրեային կշռութաւոր դարձած անկայունութեան մէջ», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը, լիբանանահայ մամուլը, կիրակնօրեայ պատարագն ու պաշտամունքը եւ մեր դպրոցները ունին կշռութաւոր եւ կայուն ներկայութիւն: Ան նշելով, որ «համաշխարհայնացած մեծ պաստառին դիմաց, մեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ անհատ, յաճախ ալ իբրեւ փոքրաթիւ ազգ՝ մենք զմեզ փոքրուկ կը զգանք», ընդգծեց, որ «չենք անդրադառնար, թէ մեզմէ դուրս գտնուող այդ մեծ ամբողջութիւնը կազմող համապատկերը ինքնին բաղկացած է փոքրամասնութիւններէ»:

Դոկտ. Տագէսեան շեշտեց, որ Հանդէսը պիտի շարունակէ քննականօրէն մօտենալ իր առաքելութեան, «արժեւորելով իր իւրաքանչիւր նորածինը, ձգտելով աւելի լաւին ու արդիւնաւէտին, գերազանցելով ինքզինք»:

Եզրափակելով իր խօսքը, Դոկտ. Տագէսեան յայտնեց, որ «այսօր շուրջ յիսնամեայ իր երթի հզօր տարիքին հասած Հանդէսը, կոփուած տասնամեակներու իր արդիւնքով, ջրդեղուած իւրայատուկ փորձառութեամբ, ներդաշնակուած իր երէց, միջին ու կրտսեր սերունդներու աշխատակիցներու հետազօտութիւններով, առաւել ամրացած իր նորամուտ խմբագիր Տիկ. Սիլվա Փափազեանով, թիկունքաւորուած Հանդէսի ձեռնարկներուն ներկայ գտնուող գիտակից բարեկամներով, ընդհանրապէս իր աշխատանոցին մէջ եւ շուրջ ծաւալած հաղորդականութեամբ, առողջ ժողովրդավարութեամբ ու համախոհական տրամադրութիւններով յառաջացուցած է համանուագ մը, որ իւրայատուկ կոհակներ կ’արձակէ հայ միջավայրին: Հանդէսը դեռ երկար տարիներ պիտի շարունակէ հայր Կռանեանին եւ այս խմբակին ու համալսարանի նախագահութեան կողմէ խմորուած ու մշակուած իւրօրինակ թարմ լաւաշ մատուցանել հայութեան եւ գիտութեան»:

haigazian-1

Շնորհանդէսին իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան: Մեծարգոյ դեսպանը ողջունելով Հանդէսին հրատարակութիւնը, յայտնեց, թէ հատորը ծանրակշիռ է իր հարուստ բովանդակութեամբ, որով հնարաւորութիւն կը յառաջանայ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական, գրական եւ ազգագրական երեսակներու: Ան յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի մէջ իր նմանը չունեցող Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը «մեզ պիտի ուրախացնէ, լուսաւորէ եւ մտորումներու առիթ հանդիսանայ դեռ երկար տարիներ», եւ մաղթեց որ Հանդէսը շարունակէ իր առաքելութիւնը նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն նուիրումով:

Շնորհանդէսի եզրափակման իր խօսքը փոխանցեց վերապատուելի Հայտօսթեան, որ հանդիսութիւնը բնութագրեց հետեւեալ խօսքերով. «Այսպիսի հանդիսութեան մէջ դեր չունին հրավառութիւնն ու արտաքին պերճանքը, բազմութիւններն ու դահլիճներու փայլքը: Հուրի զօրութիւնը գրիչին մէջ է, պերճանքը՝ մտքի պայծառութեան, բազմութիւնը՝ նիւթերու խորքին զանազանութեան, իսկ փայլքը՝ հոգիի անկեղծութեան եւ անոր տարրական պարզութեան մէջ»:

Վեր. Հայտօսթեան բարձր գնահատելով հայագիտական բնագաւառին մէջ գործող մշակները, ըսաւ. «Հայագիտութեան նուիրական աշխատանքի լծուած անձեր, նամանաւանդ Սփիւռքի մէջ, յաճախ կը զգան թէ արտադրողականութեան կողքին կայ թանկարժէք բան մը պահելու, պահպանելու եւ տակաւին տարածելու լուրջ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս նախանձելի չեն այն ասպարէզները ուր մշակը պէտք է գործէ վայրընթացի մթնոլորտի կամ վտանգուածի հոգեբանութեամբ, եւ փոխանակ մշակութիւն եւ յառաջընթաց կատարելու յամառօրէն խաղայ կղզիացած կալուածի տնտեսի դերը»: Վեր. Հայտօսթեան 1970էն իվեր Հայկազեան Համալսարանի Հանդէսին իւրայատկութեան ու դերին անդրադարձ կատարելէ ետք ապագայի ծրագրերու եւ յանձնառութեանց առումով մատնանշեց հետեւեալ շարք մը կէտերը.-

– Հայագիտութիւնը դիտել որպէս ապագայի գիտութիւն, զարգացող, ու այլ գիտութիւններու հետ քայլ պահող, եւ այդ բոլորը օգտագործել ամուր հիմքեր գտնելով:

– Ապահովել երիտասարդ սփիւռքահայ ուսումնասիրողներու ներդրումը:

– Պահպանել գիտական մակարդակը եւ շարունակաբար օգտագործել արդի մեթոտներ, լաւագոյնս օգտագործելով թուային աշխարհի հնարաւորութիւնները:

– Զարգացնել հայագիտական հանդէսներու եւ գիտաշխատողներու եւ հայագիտական կեդրոններու միջեւ գործակցութիւնը:

– Լեզուական թէ քերականական հմտութիւններու կորուստին զուգահեռ գծել սահմանները ընդունելիին ու անընդունելիին:

– Հայագիտութիւնը չվերածել գաղափարախօսութեան հարթակի:

– Զանազան լեզուներու օգտագործման իրականութեան մէջ չմոռնալ յատուկ կարեւորութիւնը արեւմտահայերէնին:

Եզրափակելով իր խօսքը, վերապատուելի Հայտօսթեան վերարժեւորեց տարի մը առաջ վախճանած երջանկայիշատակ հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանը, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոր շունչով բեղմնաւորուած խմբագրական կազմի պատասխանատու խմբագիր նշանակուած է Հանդէսի երկար տարիներու պատասխանատու քարտուղար՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

Հուսկ, Վեր. Հայտօսթեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն իրենց քաջալերական ներկայութեան համար:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment